Արուեստագէտ, դերասան եւ թատերագիր Վահէ Պէրպէրեանի բարձր գնահատուած «Նամակներ Զաաթար»էն վէպը վերջերս վերահրատարակուած է Լիբանանի մէջ:
Վէպը, որ առաջին անգամ հրատարակուած էր 1996ին, Լոս Անճելըսի մէջ, պատմութիւնն է Լոս Անճելըսի մէջ բնակող միջին տարիքի ճարտարապետի մը՝ Զօհրապ Անմահունի, որ իբրեւ հիւպատոս կ’ուղարկուի Զաաթար անունով աշխարհէն բոլորովին կտրուած երկիր մը: Հաւատքով եւ ինքնավստահութեամբ զինուած, Անմահունի երկար ատեն կը փորձէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը արդարացնել, սակայն իր խանդավառութիւնը կը մարի, երբ իր կինն ու երախաները կը լքեն զինք ու հետզհետէ կ’անդրադառնայ, որ զինք առաքողները իր գոյութիւնն իսկ մոռցած են:
Գիրքը, որ երեք տարի առաջ սպառած էր, ներկայիս կարելի է գտնել հայ գրավաճառներու մօտ, կամ կարելի է ապսպրել այցելելով Vaheberberian.com կայքը:
«Նամակներ Զաաթար»էն 139 էջ է, իսկ գինն է 15 տոլար:
Պէրպէրեան հեղինակն է «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպին, ինչպէս նաեւ շարք մը թատերախաղերու եւ «Եւայլն», «Նաեւ» եւ «Տակաւին» մենախօսութիւններուն: