ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհաւորական նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Նենսի Փելոսիին, անոր վերընտրութեան առիթով։ Փելոսի պիտի դառնայ նորընտիր Ներկայացուցիչներու տան խօսնակը:
Իր նամակին մէջ, Ղուլեան ԼՂՀ Ազգային ժողովի եւ անձամբ իր անունով կը շնորհաւորէ Փելոսին եւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն անոնց յաղթանակի առթիւ, ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները կարեւոր դեր կը կատարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ բարոյապէս աջակցելով ժողովրդավարական շարժման, ցուցաբերելով էական մարդասիրական օգնութիւն՝ յաղթահարելու համար Ատրպէյճանի ծաւալապաշտութեան աւերիչ հետեւանքները:
«Մենք համոզուած ենք, որ ԱՄՆ Քոնկրէսը կը շարունակի մնալ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պահպանութեան դիրքերում եւ ակնկալում ենք հետագայ աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի ամրապնդման ու զարգացման գործում», ըսաւ Աշոտ Ղուլեան իր ուղերձին մէջ: