ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի նախագահութեամբ, Դեկտեմբեր 4ին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստ, որուն մասնակցեցան ԼՂՀ ԱԺ ղեկավարութիւնը եւ նախարարներ:
Նիստի ընթացքին Ա. Ղուկասեան ծանօթացաւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագիծի ընդհանուր վիճակի եւ Արցախի քրէածին կացութեան վերաբերեալ պատկան գերատեսչութիւններու ղեկավարներու զեկոյցներուն:
ԼՂՀ նախագահը ներկաներուն ծանօթացուց Նոյեմբերին ԱՄՆ կատարած իր այցելութեան, տեղւոյն պաշտօնական, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի կրօնական, հասարակական-քաղաքական, մշակութային եւ գործարար շրջանակներուն հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին:
Ա. Ղուկասեան բարձր գնահատեց ամերիկահայերու եւ ընդհանրապէս հայութեան մասնակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի՝ ԼՂՀ Հադրութի շրջանի վերականգնման եւ շէնացման նուիրուած թելեթոնին: Ան նշեց, որ դրամահաւաքի արդիւնքները եւ ԼՂՀ վերածնունդի նկատմամբ մնայուն հետաքրքրութիւնը կու գան անգամ մը եւս փաստելու Արցախի եւ արցախահայութեան ապագայի նկատմամբ հայութեան հաւատքը եւ վստահութիւնը: ԼՂՀ նախագահը արցախցիներու անունով կրկին անգամ երախտիքի խօսքեր ուղղեց թելեթոնի բոլոր մասնակիցներուն:
Այնուհետեւ, Անվտանգութեան խորհուրդը անցաւ օրակարգային այլ հարցերու քննարկումին: Ներկաները անդրադարձան բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, քննեցին ԼՂՀ սահմանադրութեան հանրաքուէի նախապատրաստութեան ընթացքը եւ կարծիքներ փոխանակեցին կառավարութեան կողմէ մշակուած 2007ի պետական ամավարկի նախագիծի վերաբերեալ:
Ծանօթանալով կատարուած աշխատանքներու եւ ընթացիկ հարցերու վերաբերեալ կառավարութեան հաշուետուութեան, ԼՂՀ նախագահը տուաւ համապատասխան յանձնարարութիւններ: