ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 26ին ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Լորտերու պալատի փոխխօսնակ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Ք. Քոքս անկախութեան 15րդ տարեդարձի առիթով շնորհաւորեց ԼՂՀ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները: Ան նշեց, որ իր իւրաքանչիւր այցի ընթացքին վերստին կը լեցուի լաւատեսութեամբ եւ կ’ոգեւորուի արցախցիներու աշխատասիրութեամբ:
Հիւրերու խնդրանքով Ղուկասեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ծագման, պարտադրուած պատերազմին եւ ներկայի իրողութիւններուն: ԼՂՀ նախագահը վերահաստատեց արցախցիներու՝ ազատ եւ անկախ ապրելու կամքը եւ Ստեփանակերտի՝ առկայ հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորելու պատրաստակամութիւնը: Պատասխանելով ներկաներու հարցերուն՝ Ղուկասեան իբրեւ կարգաւորման կարեւորագոյն նախապայման մատնանշեց կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման աւարտին նախագահ Ղուկասեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիւրերուն Արցախի հանդէպ ցուցաբերուող մշտական ուշադրութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ գործակցութեան աւանդոյթները կը շարունակուին:
Նոյն օրը Արկատի Ղուկասեան ընդունեց նաեւ Ռուսիոյ Տումայի պատգամաւոր, ԱՊՀ երկիրներու հաստատութեան տնօրէն Կ. Զատուլինը:
Հանդիպման ժամանակ միտքեր փոխանակուեցան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու հովանիի ներքոյ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ներկայիս փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ: