ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը մնայուն ներկայացուցչութիւններ ունի Հայաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Աւստրալիոյ եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: ԼՂՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեան տեղեկացուց, որ յաջորդ տարի կը ծրագրուի նոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ բանալ շարք մը այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ:
Լեռնային Ղարաբաղը ներկայացուցչութիւններ ունին շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ԵԱՀԿ, Միջազգային կարմիր խաչ, ականազերծման աշխատանքներով զբաղուող «HALO Trust» կազմակերպութիւն եւայլն: