ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումէ ետք որդեգրեց սահմանադրութեան նախագիծը:
Քննարկման նիստին, ներկայ էին հանրապետութեան խորհրդարանի 33 անդամներէն 31ը: Սահմանադրութեան դէմ քուէարկեց մէկ անկախ պատգամաւոր եւ ձեռնպահ մնաց Հ.Յ.Դ.-Շարժում 88 պատգամաւորական խումբէն մէկ հոգի:
Որոշուած է նախագիծը ներկայացնել համաժողովրդական քուէարկութեան: