Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին ունեցաւ շատ փայլուն էջեր, որոնք զինք յաւերժացուցին եւ անմահացուցին, ինչպէս՝ 4րդ դարու քրիստոնէութեան պետական կրօնք ընդունուիլը, ապա 5րդ դարու հայ գիրերու գիւտը։ Երկու գլխաւոր դէպքեր եղան հիմքը մեր պատմութեան առաջընթացին։ Այլ խօսքով, անոնք եղան մեր լինելութեան գրաւականը։
Այս իրողութեան գիտակից, հայ վարժարանն ու հայ ուսուցիչը տարուան բոլոր ամիսները, ոգի ի բռի կ’աշխատին նոր սերունդին մտքին ու հոգիին մէջ դրոշմելով հայ գիրն ու գրականութիւնը, պատմութիւնն ու գեղարուեստը, որոնք այլազան ձեւերով կը դրսեւորուին Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, մինչ հայ համայնքը լրիւ ամիսը կը նուիրաբերէ մշակոյթի այլազան բնագաւառներու վերակենդանացման, կազմակերպելով հանդէսներ, ձեռնարկներ, ելոյթներ եւ համերգներ։
Հայ Քոյրերու վարժարանն ալ անմասն չէ այս «համահայկական փառատօն»էն։ Արդարեւ, աշակերտութիւնը մեծ եռանդով նախապատրաստական աշխատանք տարաւ Մշակոյթի օրուան հանդիսութեան՝ պատրաստելով զանազան յայտագրեր լրիւ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, ինչպէս՝ ճաշերու ներկայացում աշակերտներու կողմէ, հայութիւնը խորհրդանշող պտուղներու, հայկական տարազներու գծագրութիւններ եւ հայերէն զարդագրեր՝ ներկայացուած 4-6րդ դասարաններու կողմէ։ Այս բոլոր միջոցառումներով, անոնք ծանօթացան մշակոյթի այլազան բաղկացուցիչներուն։
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ի յետմիջօրէին, Հ.Ք. վարժարանի աշակերտութիւնը հաւաքուած էր գրականութեան տիտաններու՝ Ս. Մեսրոպի, անոր աշակերտներուն դիմանկարներով եւ մեր ոսկեղնիկ տառերով զարդարուած սրահը, ոգեկոչելու Թարգմանչաց տօնը պատշաճ հանդիսութեամբ։
Հանդիսութիւնը պաշտօնապէս ընթացք առաւ Հայաստանի քայլերգի խմբային կատարողութեամբ, որուն դաշնամուրի վրայ կ’ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեան, ապա Լինտա Գանտիլեան, օրուան հանդիսավարը, բացման խօսքով շեշտեց, թէ «Մ. Մաշտոցի հրաշալի գործը արժեւորուեցաւ իր եւ իր աշակերտներու թարգմանական աշխատանքներով եւ աւելի վերջ դպրոցներ եւ ուսումնարաններ ստեղծելով, ուսումնական գործը առաջ տանելով, որ այսօր կը շարունակուի հայ ուսուցիչին կողմէ եւ պիտի փոխանցուի ձեզի սիրելի աշակերտներ…»։ Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ օրուան պատշաճ արտասանութիւններով, երգերով, որոնք ընդմիջուեցան դաշնամուրի վրայ աշակերտներու կատարողութեամբ, ընդհանրապէս Կոմիտասի ստեղծագործութիւններով։ Հաճելի էր լսել հայ մանուկին մատղաշ մատներով մեկնաբանուած «Կաքաւիկ»ը, «Կռունկ»ը, «Քելէ քելէ»ն….
Հանդիսութեան վերջին բաժինով ներկայացուեցաւ թատրերգութիւն մը, կատարողութեամբ եօթներորդ կարգէն Սիլվա Պայրամեանի, Գարին Եթերեանի, Լեւոն Շիշոյեան, Սարին Գազանճեանի եւ Միրեան Ազաքեանի, որոնք ներկայացուցին Ժանէթ Քասունիի «Տարազներու մրցում»ը շատ բնական խաղարկութեամբ, սահուն եւ վարժ լեզուով, հաճոյքի պահեր ստեղծելով աշակերտներուն, իսկ հանդիսութեան աւարտին ութերորդ կարգի աշակերտները խումբերով ներկայացուցին իրենց ամսուան աշխատանքը։ Անոնք պատրաստած էին պաստառներ իրենց բացատրութիւնը արտայայտող եւ պարզացնող։ Խօսեցան նախ Մեսրոպեան ստեղծագործութեան մասին, ապա հայկական գրականութեան, պարարուեստի, գեղարուեստի, հայ ընտանիքի սովորութիւններու, հիւրասիրութեան, ճաշերու, լաւաշի եւ գաթայի մասին եւ այս բոլորը օրինակներով, նմոյշներով, ինչպէս՝ ներկայացուած պարերը փոքր դասարանի աշակերտուհիներու կողմէ, ղեկավարութեամբ Քաթրին Հայրապետեանի։
Հանդիսութեան աւարտին, հայկական հիւրասիրութեան օրինակով, բոլոր աշակերտները հիւրասիրուեցան նախապէս յատուկ պատրաստուած գաթաներով։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա, որ աշակերտներուն յորդորեց հայկական մշակոյթով լիցքաւորուելու եւ քաջալերեց զանոնք իրենց տարած աշխատանքին համար, մասնաւորաբար ութերորդի աշխատանքը, որ պատրաստած էին անգլերէնէ թարգմանելով։ Ապա շնորհաւորեց հայերէնի ուսուցչուհիները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ ծաղկեփունջերով։
Աշակերտութիւնը ցրուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, իրենց հետ տանելով հայ մշակոյթէն պատառիկներ։