Հինգշաբթի, 31 Մարտի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեց եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց համայնքի կեանքին մէջ քաղաքական գործիչ Փօլ Գրիգորեանի ունեցած եզակի դերակատարութիւնը՝ յատկապէս Հայ Դատի, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի ի նպաստ տարուող աշխատանքներու ծիրին մէջ:
Իր կարգին, Փօլ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ իր անձին եւ հայանպաստ իր աշխատանքներուն ցուցաբերուած ուշադրութեան համար, ապա տեղեկութիւն փոխանցեց ի նպաստ Արցախի իր գործունէութեան մասին:
Յայտնենք, որ Փօլ Գրիգորեանի կ՛ընկերակցէր իր օգնականը՝ Գարօ Թորոսեան: