Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան` ի պատասխան Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլլաեւայի յայտարարութեան, ըսաւ, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին 1 Յունիսին Քիշինեւի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի շրջանակներուն մէջ նախատեսուող հանդիպման ընթացքին, որուն օրակարգին վրայ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն ներառուած չէ:
Ապտուլլաեւա յայտարարած էր, որ նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել Յունիս 1ին նախատեսուած հանդիպումին:
«Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ մասնաւորապէս «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» համաձայնագրի շուրջ քննարկումները շարունակւում են: Ինչպէս բազմիցս նշել ենք, հայկական կողմը պատրաստ կը լինի համաձայնագրի ստորագրմանն այն պահին, երբ հասցէագրուած կը լինեն առանցքային խնդիրները: Կարծում ենք դրանց շուրջ քննարկումները կը շարունակուեն Յունիսի 1ին Քիշնեւում Եւրոպական քաղաքական համայնքի շրջանակներում նախատեսուող հանդիպման ժամանակ եւ դրանից յետոյ: Քիշնեւի հանդիպման օրակարգում նշեալ համաձայնագրի ստորագրում ներառուած չէ», յայտնեց Անի Բադալեան։
Մօտիկ ապագային նման համաձայնագիրի ստորագրութեան մասին խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով՝ ըսելով, թէ ներկայ հանգամանքները թոյլ կու տան ակնկալել, որ տեսանելի ապագային կարելի է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը, սակայն գլխաւորը ոչ թէ ժամանակն է, այլ բոլոր հարցերու վերջնական լուծումը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Փեսքով նշեց, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին յաջորդ շաբաթուան աւարտին՝ Մոսկուայի մէջ, քննարկելու կողմերուն միջեւ առկայ խնդիրները:
«Ամէն ինչ ամբողջութեամբ վերջնական տեսքի բերելու խնդիր չկայ, քանի որ կարեւորը, ամէն պարագայի, վերջնական արդիւնքն է. ժամանակի հետապնդումով ոչ ոք հետաքրքրուած է», ըսաւ ան:
Ըստ Փեսքովի՝ «այս բոլորը նկատի առնելով, հազիւ թէ այժմ ոեւէ մէկը կարենայ կանխատեսել խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան ճշգրիտ թուականը»։
«Բայց եւ այնպէս, ինչպէս 25 Մայիսին ըսուեցաւ հանդիպման ընթացքին, այժմ հանգամանքները բազմաթիւ առումներով փոխուած են, եւ, ըստ էութեան, այս փոփոխուած հանգամանքները թոյլ կու տան արդէն տեսանելի ապագային հասնիլ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան», յայտնեց ան։