ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Խնամատար ընտանիքներուն յանձնուեցան Գաւառի մանկատան առաջին ութ սաները: Գեղարքունիքի փոխմարզպետ Արտաշէս Նիկոյեանի մօտ Նոյեմբեր 27ին հրաւիրուած հանդիպումը նուիրուած էր նշուած սաները իբրեւ հոգեզաւակ ճանչնալու եւ անոնց խնամատար ընտանիքներ ուղարկելու խնդիրներուն:
Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՕՖի Երեխաներու ընդունման եւ կողմնորոշման կեդրոնի տնօրէն Միրա Անտոնեան, խնամատարութեան դիմում ներկայացուցած քաղաքացիները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մարզպետարանի աշխատակազմի՝ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան բաժինի աշխատակիցներ: Վերջիններուս կատարած բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններու եւ համաձայնութեան հիման վրայ, ընտրուած են առաջին ութ ընտանիքները, ուր արդէն կը բնակին Գաւառի մանկատան սաները:
Նշենք, որ ՄԱԿի մանկական հիմնադրամը (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) իւրաքանչիւր երեխայի ամսական պիտի յատկացնէ 140 տոլար, իսկ գործընթացին պիտի հսկեն Գեղարքունիքի մարզպետարանի համապատասխան բաժինը եւ ՀՕՖի Երեխաներու ընդունման եւ կողմնորոշման կեդրոնը:
Մ. Անտոնեան յայտնեց, որ հոգեզաւակներուն կողմէ աննշան դժգոհութեան պարագային իսկ, խնամատարութիւնը պիտի դադրեցուի, ու երեխան պիտի վերադարձուի մանկատուն: