ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Իր նստաշրջանի աւարտին չվաւերացնելով Ռիչըրտ Հոկլընտը Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանի պաշտօնին Ծերակոյտը Սպիտակ տան վերադարձուց անոր թղթածրարը, Դեկտեմբեր 8ին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան այս մասին յայտարարեց, թէ Ծերակոյտի այս քայլէն ետք, «կը վերահաստատենք նախագահին ուղղած մեր կոչը, որպէսզի ընդունի, թէ Ցեղասպանութիւնը ուրացող մը երբեք պէտք չէ ներկայացնէ Ամերիկան Հայաստանի մօտ եւ նման անձ մը չի կրնար ազդու կերպով հետապնդել ամերիկեան շահերն ու արժէքները Երեւանի մէջ»:
110րդ Քոնկրէսի պաշտօնավարութեան սկսելէն ետք (Յունուար 2007ին), նախագահը կրնայ բոլորովին նոր թեկնածու մը առաջարկել, կրնայ մինչեւ այդ թուականը գործադիր հրամանագրով նշանակել Հոկլընտը եւ կամ՝ դեսպանի պաշտօնը թափուր պահել: