ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կարապի լիճի սահադաշտը պիտի սկսի գործել Դեկտեմբերի կէսէն, այս մասին յայտնեց Երեւանի փոխքաղաքապետ Վանօ Վարդանեան:
Նշենք, որ լիճի 1033 քառակուսի մեթրի վրայ գործող սահադաշտը կրնան գործածել միաժամանակ 100 հոգի: Սահադաշտի մօտ, ինչպէս նախորդ տարի, կան չմուշկներու վարձակալութեան տաղաւար, բժշկակական կէտ եւ հանդերձարան: