ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային կարմիր խաչի (ՄԿԽ) հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Իվ Առնոլտ եւ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Նոյեմբեր 28ին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին ներկայացուցին Հայաստանի մէջ ՄԿԽի կողմէ գործադրուած կրթական ծրագիրի արդիւնքները:
Անոնք յայտնեցին, որ 10 տարիէ ի վեր ՄԿԽը Հայաստանի մէջ կ’իրագործէ կրթական ծրագիր՝ աշխատելով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու վերաբերեալ գիտելիքներ տարածել դպրոցականներուն մօտ: Ծրագիրի շրջանակներով մշակուած են ուսուցիչներու ուղեցոյց-գրքոյկներ, ինչպէս նաեւ հանրակրթական դպրոցներու 5րդ եւ 7րդ դասարաններուն համապատասխան դասագիրքեր: