ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Էրեբունի համայնքի թունաւոր թափօններու «գերեզմանոց»ի տարածքի 1200 մեթր երկարութեամբ հողային սահանքը դարձեալ «աշխոյժ» է: Ըստ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, հողային սահանքի դէմ քայլեր առնող մասնագիտական խումբի ղեկավար Ռոպերթ Եադոյեանի, մասնագէտները քննարկումներու ընթացքին առաջարկած են թափօնները «գերեզմանոց»էն հանել եւ ոչնչացնել:
Յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին, այս աշխատանքին համար պէտք է նիւթական միջոցներ փնտռուին: Մասնագէտներու մէկ մասը կ’առաջարկէ թունաւոր թափօններու վերամշակման գաղափարը, որուն իբրեւ արդիւնք, օգտակար նիւթեր կրնան ստացուիլ:
ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մասնագէտները, հետեւելով զարգացած երկիրներու փորձառութեան, մշակած են հողային սահանքի դէմ նոր քայլեր: Ըստ Ռոպերթ Եադոյեանի, նշուած մեթոտներով աշխատանք տակաւին չի կատարուիր, որովհետեւ 1990ականներէն ի վեր Հայաստանի մէջ նման վայրերու գիտական ուսումնասիրութիւններ չեն կատարուած: Պետական ամավարկէն յատկացումները կը տրուին միայն վնասներու դարմանումին: Աշխատանքները վերսկսելու համար համապատասխան ֆինանսաւորում ստանալու նպատակով հիմնարկի մասնագէտները դիմած են կառավարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարան:
Ռ. Եադոյեանի խօսքերով՝ տարէցտարի հողային սահանքներու թիւը կ’աւելնայ, մասնաւորապէս Երեւանի շրջակայքը, Դիլիջան, Մարտիրոս, Ողջաբերդ, Հաղարծին, Ճամբարակ, Կապան, Գորիս, Սիսիան, Արարատ, Լոռի, իսկ վերջերս նաեւ՝ Շիրակի մէջ: