ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակից Քանտըլիզա Ռայսի հետ, քննելով շրջանային ու երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կեդրոնանալով յատկապէս հիւսիսային Իրաք հաստատուած քիւրտ անջատողականներու դէմ պայքարին վրայ:
Թրքական աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ Կիւլ հաւանաբար ամերիկեան վարչակարգին «խորհուրդ տայ» դէմ դնել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը վաւերացնելու Քոնկրէսի քայլերուն։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութեան հիմնական նպատակը կը նկատուի Իրաքի վերաբերող հարցերուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ կեցուածքները համադրել։
Կիւլ Երկուշաբթի օր տեսակցութիւններ ունեցած էր փոխնախագահ Տիք Չէյնիի ու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդական Սթիվըն Հէտլիի հետ։ Նախարարը Ուաշինկթընի մէջ տեսակցութիւններ ունեցաւ հրէական կարգ մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Յայտնի չէ, թէ ի՞նչ եղած է այս խօսակցութեան օրակարգը, սակայն ծանօթ է, որ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւնները վերջերս Թուրքիոյ դիտել տուած էին, որ «այս անգամ» շատ դժուար է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումին առաջքը առնելը Քոնկրէսէն ներս:
Ապտալլա Կիւլ Ուաշինկթընէն ետք Նիւ Եորք պիտի անցնի, ուր բանախօսութիւն մը պիտի տայ Իրաքի, Իրանի ու Միջին Արեւելեան հարցերու նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին, իսկ Հինգշաբթի օր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: