Միայն քանի մը ամիսներու համրանքով կեանք մը ունի Կլէնտէյլ-Պըրպէնք-Լա Քրեսէնթա շրջաններու յատուկ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կեանքի կոչած նորաստեղծ մարմին-խորհուրդը, որ առաջին իսկ հերթին իբրեւ գերագոյն պարտականութիւն, իր ուսերուն վրայ առաւ արժանավայել կերպով յիշատակելու «Համազգային»ի Կլէնտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակը:
Այսպէս, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր, 2006ի երեկոյեան ժամը 5:30ին, տեղի ունեցաւ սոյն մասնաճիւղի հիմնադրութեան պատմական 30- ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, Մոնթրոզի Հայ Քոյրերու վարժարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Շրջ. վարչութեան:
Երեկոյին, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեանի կողքին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Շէրիքեանն ու վարչութեան բոլոր անդամ-անդամուհիները, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհն. Աթմաճեան, Հ.Յ.Դ. «Ահարոնեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Պետիկ Գազանճեան, մասնաճիւղի նախկին վարչութիւններու ատենապետներէն Նահապետ Մելքոնեան եւ Զարեհ Մարգարեան (որ միաժամանակ կը ներկայացնէր շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը), նախկին վարչականներ, Հայ Քոյրերու վարժարանի քոյրեր, վարժարաններու տնօրէններ եւ աւելի քան հարիւր յիսուն հիւրեր, մշակութասէրներ, արուեստագէտներ, բարեկամներ ու համազգայնականներ:
Երեք տասնամեակներու յատուկ յոբելենական այս հանդիսութեան պաշտօնական բաժնին, օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեան նախ հրաւիրեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանը, որ աղօթքով մը բացումը կատարէ, որմէ ետք հանդիսավարը սրտանց ողջունեց ներկաները աւելցնելով՝ «Կը հաւատանք, որ մեր ազգային կրթական ու մշակութային կեանքի ծաղկումին ծառայող ամէն մէկ քայլ արդէն նոր ներդրում մըն է մշակութային մեր գանձատան: Ու «Համազգային»ը հաստատօրէն արթուն պահակն է այս գանձին, որ հայ մշակոյթ կը կոչուի»:
Ան նաեւ շնորհաւորական խօսք ուղղեց մասնաճիւղին եւ յատկապէս կազմակերպիչ մարմնին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Իր կարգին, յանուն Շրջանային վարչութեան եւ «Համազգային»ի Կլէնտէյլ-Պըրպէնք-Լա Քրեսէնթա միացեալ մարմնին, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Օհան Օհանեան նախ անդրադարձաւ «Համազգային»ի՝ հայ մշակոյթի հանդէպ որդեգրած մեծ դերին, իրարու ետեւէ ծնունդ առնող մասնաճիւղերուն եւ ապա աւելցուց.-
«Այս տեսլականով էր, որ ասկէ երեսուն տարիներ առաջ Կլէնտէյլի մէջ հիմնուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը, որ իր կարգին հիմնեց «Անուշ» երգչախումբը, կազմակերպեց գրական երեկոներ, հայերէն լեզուի դասարաններ, պարախումբեր, ապա իր հովանիին տակ առաւ «Գուսան» երգչախումբը փրոֆ. Արա Մանաշի ղեկավարութեամբ»:
Ապա ան անդրադարձաւ Կլէնտէյլ քաղաքի հայահոծ իրավիճակին եւ այս առթիւ «Համազգային»ի ուսերուն դրուած պարտականութեան, քաղաքի մշակութային կեանքէն ներս:
«Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ Կլէնտէյլի հայ համայնքը կրնայ եւ պէտք է դառնայ սփիւռքահայութեան գլխաւոր զարկերակներէն մէկը: Ու այսօր յանձնառու ենք, որ նոր թափով, նոր եռանդով եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն համապատասխանող նոր միջոցներով աւելի եւս պէտք է բիւրեղացնենք մեր քաղաքի մշակութային կեանքը», ըսաւ ան:
Ապա անդրադառնալէ ետք նորակազմ խորհուրդ-մարմնի ծնունդին եւ անոր աշխատանքներուն, Օհանեան կարգով յիշեց յանձնախումբին անդամները՝ Լինտա Գանտիլեան, Ժուլիէթ Դաւթեան, Սիլվա Թաշճեան, Հուրի Մանճիկեան, Վանա Շիրիքճեան, Աստղիկ Քիւլլիւկեան, Սօսի Մարկոսեան եւ Գրիգոր Քէչէճեան, որոնք մեծ ծափողջոյններով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ:
Օրուան խօսքը փոխանցեց «Համազգային»ի Կլէնտէյլի մասնաճիւղի նախկին ատենապետներէն Յարութ Մանուկեան, որ նախ ընդգծեց մեր մշակոյթի էականութիւնը մեր դարաւոր պատմութեան մէջ: «Սփիւռք դարձած, շրջապատի քանդիչ ուժերուն ենթարկուելով եւ իր ազգային ինքնուրոյնութիւնը կորսնցնելու վտանգին դատապարտուած, հայութեան ազգապահպանման գործը միասնական ուժերով վարելու համար ստեղծուած է «Համազգային»ը, ըսաւ ան:
Անդրադառնալով մասնաճիւղի հիմնադրութեան, բանախօս Մանուկեան յաջորդաբար թուեց անցնող երեք տասնամեակներուն սոյն մասնաճիւղի ծրագրումները, աշխատանքներն ու իրագործումները: Այսպէս, նշեց մասնաճիւղի Պարոնեանի անուան թատերախումբը, որ իբրեւ բեմադրիչ ունեցած էր Վահէ Պետրոսեանն ու Վահագն Սավուլեանը, գրական խմբակը, որ մեծ թիւով դասախօսութիւններով եւ գրական երեկոներով նորակազմ գաղութի անդամներուն փոխանցած էր գրական արժէքները: Երաժշտական մարզէն ներս 1982ին կազմուած է «Անուշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Յովիկ Գասպարեանի, որ տարիներ շարունակ հայ երգի հմայքին բերած է մեր հայրենակիցներու մեծ թիւ մը: Մշակոյթը նաեւ երիտասարդութեան հոգեկան սնունդը դարձնելու մտահոգութեամբ, 1987ին հիմնուած էր երիտասարդական բաժանմունք մը, իսկ 1989ին յառաջացած է «Մանկական աշխարհ»ը, որ շուտով դարձած է մանկապատանեկան բաժանմունք, ընդգրկելով երկու երգչախումբ եւ չորս պարախումբեր: Առաջին անգամ ըլլալով, «Համազգային»ը նախաձեռնած էր քալիֆորնիաբնակ գրողներու հանդիպումի մը, որուն որոշումով կազմուած եւ հրատարակուած էր քալիֆորնիաբնակ գրողներու գործերու հատորը, որ իր տեսակին մէջ գրապատմական աննախընթաց ներդրում մըն էր, որ ի մի կը բերէր գիր ու գրականութեան նուիրուած մեծ թիւով մշակներ:
Աւանդութեան հետեւելով, շարունակեց ան, «Գուսան» երգչախումբը իր գոյութիւնը շարունակած էր այս մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ եւ փրոֆ. Արա Մանաշի ղեկավարութեամբ: Կլէնտէյլէն դուրս եւս միւս գաղութներու մեր քոյր մասնաճիւղերու հրաւէրին ընդառաջելով, երգչախումբը այցելած է Ֆրեզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, ուր ունեցած է մեծ յաջողութիւն:
Մասնաճիւղի յաջորդական վարչութիւնները, միշտ վառ պահելու համար հայ մշակոյթի ջահը, յառաջացուցած են բաժանմունքներ: Իրականացած են արուեստներու եւ յատկապէս նկարչական դասընթացքներ: Նաեւ, «Համազգային»ը հայ ընտանիքներուն ծանօթացնելու եւ զանոնք եւս կապելու համար մշակութային շարժումին, կազմակերպուած են ընտանեկան-համակրական ճաշկերոյթներ, որոնք առաւել եւս մօտեցուցած են ժողովուրդը այս մեծ ընտանիքին:
«Համազգային»ով, շարունակեց բանախօսը, մենք կը դադրինք գաղթական ժողովուրդ ըլլալէ, այլ կը դառնանք մեր պատմութեան ուղիներով ընթացող, մեր ճակատագիրը մեր գիտակցութեամբ կերտող Մաշտոցեան ազգ իր բոլոր բաղադրեալներով, Խորենացիական պատմութեան առաքեալներ:
Այսօր արդէն պատմութիւնը իր սահանքին մէջ մեր առջեւ կը պարզէ նոր մարտահրաւէրներ: Յատկապէս՝ հասնիլ հայ երիտասարդութեան, ամէն գնով զայն ներգրաւել եւ այս վճռականութիւնը դարձնել սփիւռքեան մեր պայմաններուն կիզակէտը: Այո, մենք նորոգելով մեր ուխտը, այս հանդիսաւոր եւ հոգեպարար մթնոլորտին մէջ պիտի յայտարարենք, որ «Համազգային»ը ոչ միայն պիտի շարունակէ իր հայանուէր, մշակութանպաստ առաքելութիւնը, այլ պիտի գտնուի պարտաւորութեան տակ՝ զօրանալու, դիմելու մեր լայն զանգուածներուն, երիտասարդանալու եւ ընդգրկելու մեր մտաւորական դրամագլուխը:
Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը «Համազգային»ով ապրելու եւ զօրանալու կոչ ըրաւ ներկաներուն:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբէն Վանա Շիրիքճեան ընթերցեց քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի եւ Կլէնտէյլի քաղաքապետութեան այս առթիւ յղած գնահատագիրները, որմէ ետք Եդուարդ Մսըրլեան իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց մասնաճիւղն ու սոյն պատմական ձեռնարկը կազմակերպողները ու յատկապէս նորաստեղծ մարմնի ատենապետուհի Լինտա Գանտիլեանն ու մարմնի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Օհան Օհանեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին, հանդիսավարին ու գեղարուեստական յայտագրի մասնակից արուեստագէտներուն:
Անդրադառնալով «Համազգային»ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերու աշխատանքներուն, Մսըրլեան շեշտեց, թէ «այս օրերուն, «Համազգային»ը Քանատայէն մինչեւ Աւստրալիա, Միջին Արեւելքէն մինչեւ այս ափերը եւ ընդհանրապէս աշխարհի տարածքին, յանձնառութեամբ կը շարունակէ իր ուսերուն վերցնել մշակութային պարտականութիւններ»: Ապա ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես բոլոր անդամներուն, որոնք «Համազգային»ի առաքելութեան սրբազան աշխատանքը գիտակցութեամբ կը տանին ու կը շարունակեն:
Երեկոյի գեղարուեստական բաժնին յաջորդաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին Զուարթ Ճուլհայեան, որ սրինգով հրամցուց քանի մը երգեր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիամ Անտոնեանի: Իր կարգին, Ռիմա Կարապետեան մեներգեց քանի մը երգեր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լեւոն Աբրահամեանի: Ապա Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ վաստակաշատ պարուսոյց Քաթրին Հայրապետեանին, հրամցուց քանի մը պարեր: Գեղարուեստական յայտագրի բոլոր մասնակիցներու ելոյթները արժանացան սրահի երկարատեւ ծափահարութիւններուն:
Աւարտին, մտերմիկ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: