Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ առաջին քարի զետեղումը ֆրանսական-հայկական «Նուարդ Կիւլպէնկեան» վարժարանին եւ «Դպրոցասէր» մշակութային կեդրոնին։ 1600 քառ. մեթր տարածութեան ունեցող վայրին մէջ վարժարանը պիտի սկսի գործել 2007 Սեպտեմբերին եւ պիտի ընդունի 400 աշակերտ, որոնք պիտի աւելնան «Դպրոցասէր» վարժարանի 265 աշակերտներուն վրայ։
Վարժարանը կը գտնուի Փարիզի մօտ, Լիվրի Կարկան եւ Լէօ Ռէյնսի թաղապետութիւններուն սահմաններուն մէջ։ Ֆրանսայի մէջ ներկայիս կը գործեն եօթը հայկական վարժարաններ։