Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 11, 2006ին վարժարանիս աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը՝ կրօնաբարոյական զրոյց-դասախօսութեան մը ընթացքին: Այս տարեշրջանին, ասիկա երկրորդ դասախօսական հանդիպումն էր երկրորդական կարգերու աշակերտութեան համար: Հերթականօրէն՝ 9-10 եւ 11-12 րդ կարգերու աշակերտները ուղղուեցան «Սողանալեան» սրահ եւ 50 վայրկեաններ իրենց մտքերը զարգացուցին եւ զրուցեցին չափազանց կարեւոր նկարագրային նիւթերու եւ այժմէական ու կրօնական հարցերու մասին:
Դասախօսը ներկայացուց դպրոցի հայկական բաժանմունքի վարիչ Գէորգ Սարգիսեանը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան՝ Հ. Միւռոն մասնաւորաբար Կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչութեան առաքելութեամբ կը գտնուի ԱՄՆ, միաժամանակ կը դասաւանդէ կարգ մը ազգային վարժարաններէն ներս, որոնցմէ մէկն է մեր վարժարանը, կրօն եւ բարոյախօսութիւն: Նկատի առնելով, որ հայր սուրբը իր առաքելութեան բերումով երիտասարդներուն ու անոնց առօրեայ հարցերուն մօտէն ծանօթ է, վարժարանիս հայկական բաժանմունքի վարիչը պատեհ առիթը օգտագործելով զինք նմանօրինակ նիւթի մը համար դասախօս հրաւիրեց:
Հ. Միւռոն ողջունեց դպրոցը, տնօրէնութիւնը եւ հայկական բաժանմունքի ուսուցիչները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ այս առիթը ընծայուած էր իրեն:
Նիւթը հիմնականօրէն կեդրոնացած էր առաքինութիւններու, մոլութիւններու, ազատ կամքի ու բանականութեան վրայ:
Դասախօսը ներածական մը ներկայացուց աշակերտութեան եւ ապա առիթ տուաւ անոնց, որ իրենց մտքի հարցադրումները բարձրաձայն արտայայտուին եւ իրենց մտահոգութիւնները կիսեն բոլորին հետ:
Դասախօսը առաւելաբար շեշտեց առաքինութիւններու կարեւորութեան մասին, ան յիշեց, թէ անոնք լաւագոյն միջոցները կը նկատուին մեզ հեռու պահելու համար ամէն չարիքէ, որ կը սպառնայ մեր նկարագրին խաթարման: Առաքինութիւններուն անհրաժեշտութիւնը ի յայտ կու գայ անհատական, ընտանեկան, ընկերային, ազգային եւ մինչեւ իսկ համամարդկային մակարդակներու վրայ: Անոր անմիջականօրէն կը հակադրուին մոլութիւնները, որոնք անհատը կը վերածեն գերիի եւ խղճալի արարածի:
Հ. Միւռոն շեշտեց. «Այսօրուան կեանքը լեցուն է ճոխութիւններով եւ փորձութիւններով, որոնց դիմադրելու համար հարկ է ունենալ զօրաւոր անհատականութիւն, չտարուիլ չարիքներով եւ միայն նիւթական եւ մարմնական կարիքներու մասին չմտածել»:
Ան հաստատեց, թէ հոգին շատ աւելի կարիքներ ունի եւ մեր մարմիններէն աւելի սնունդի կը կարօտի: Մենք երկրին, հողին աւելի մօտ ըլլալով, նիւթական սնունդին եւ մարմինին մասին կը մտածենք: Չենք ուզեր թափթփած կամ աղտոտ երեւիլ ընկերութեան մէջ: Նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ տակաւին շատ աւելիով պէտք է հոգալ հոգիին կարիքները: Անոր պէտք է միշտ սնունդ տանք եւ գոհացնենք: «Մարմնին պէտք է տանք իր կարիքին չափով, սակայն հոգիին պէտք է տանք իր փափաքածին չափով», այսպէս աւանդեց Հ. Միւռոնը աշակերտներուն:
Աշակերտները իրենց հարցումներով բաւական բան բացայայտեցին իրենց հոգեկան աշխարհին ու անոր խորքերուն մասին: Հ. Միւռոն բոլոր հարցումներուն պատասխանեց եւ գնահատեց անոնց լուրջ եւ հետաքրքիր մօտեցումը:
Դժբախտաբար ժամանակը շատ արագ կը սահէր, շատ մը հարցումներ անպատասխան ձգելով: Աշակերտները իրենց մտքերուն մէջ բաւական բան ամբարած իրենց դասարանները վերադարձան եւ անոնք վստահ խոստում ստացան, թէ յառաջիկային կրկին առիթ պիտի ունենան նոր եւ հերթական հանդիպումներով իրենց մտքի բոլոր հարցադրումներուն պատասխանները գտնելու, կարելութեան սահմաններէն ներս:
Երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները բազմազան ու բազմավտանգ են: Այս բոլորին մէջ ազգային մեր հայեցողութեամբ ու ծնողական մեր ակնկալութիւններով կ’ուզենք տեսնել եւ ապրիլ գոյութիւնը ազատ կամք ու առողջ բանականութիւն ունեցող սերունդի մը, որ զուրկ ըլլայ մոլութիւններէ եւ անպայման զինուած ըլլայ առաքինութիւններու ամուր վահանով:
Թ. Թ.