ԱՆԳԱՐԱ, «Եու.Փի.Այ.».- Անցնող շաբաթավերջին հազարաւոր թուրքեր մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցի մը, դատապարտելով հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտ անջատողականներուն գործունէութիւնը զսպելու նպատակով Անգարայի կոչերը անտեսելու Ուաշինկթընի դիրքորոշումը:
«Անկցին Միացեալ Նահանգներն ու անոր գործակիցները», պոռացին ցուցարարները Անգարայի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը սպառնան հիւսիսային Իրաք ներխուժել, եթէ ամերիկեան ուժերը չկասեցնեն քիւրտ անջատողականներու յարձակումները:
Նկարին մէջ, ցոյցէն դրուագ մը: