ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տրապիզոնի նահանգապետին որոշումով, «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով թերացած տրապիզոնցի ութ ոստիկաններ պիտի չհարցաքննուին, հակառակ այն իրողութեան, որ Պոլսոյ ոստիկանական դատախազութիւնը հասած էր այն եզրակացութեան, թէ անոնց թերացումներուն հետեւանքով կարելի չէ եղած Տինքի հասցէին կատարուած սպառնալիքները լաւապէս հետապնդել:
Նահանգապետը յանգած է այն եզրակացութեան, թէ Տրապիզոնի ապահովական մարզի պաշտօնեաները որեւէ թերացում չունէին այս խնդրին մէջ, անհիմն համարելով այն պնդումը, թէ Տինքի դէմ մահափորձի մը մասին առնուազն 17 առիթներով տեղեկութիւն փոխանցուած է:
Հրանդ Տինքի ընտանիքը դժգոհ մնաց այս որոշումէն, եւ ընտանիքը ներկայացնող փաստաբաններէն Ֆեթհիէ Չէթին ցաւ յայտնելու կողքին աւելցուց, թէ պաշտօնապէս պիտի բողոքէ այս որոշումին դէմ։
Չէթին յայտնեց, թէ ամբաստանեալներէն մէկը՝ ոստիկանութեան գործակալ Էրհան Թունչէլ, ոստիկանութեան յստակօրէն փոխանցած էր, թէ Տինք մահափորձի պիտի ենթարկուի, սակայն ոստիկանութիւնը անտեսած էր այս տեղեկութիւնը, «թերանալով ոստիկանութեան համար ամենակարեւոր պարտականութեան մէջ, որն է ոճիրներու առաջքը առնել»:
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ նոր նշանակուած կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնած Պէշիր Աթալայ աւելի լրջութեամբ կը մօտենայ այս ոճիրին: «Այս հարցին մէջ անկախ եւ ազդեցիկ հետապնդում մը հարկաւոր է», եզրակացուց Չէթին: