ՄԱՔԱՍԷՐ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 2ին, Ինտոնեզիոյ կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաղորդեցին, թէ ներքին ճամբորդութեան մը համար ճամբայ ելած եւ անհետացած օդանաւը գտնուած է եւ կարելի եղած է անոր 102 ճամբորդներէն եւ անձնակազմի անդամներէն 12ը փրկել:
Սակայն աւելի ուշ, Ինտոնեզիոյ կառավարութիւնը հաղորդեց, թէ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ, պնդելով, թէ ցարդ կարելի չէ եղած օդանաւը յայտնաբերել:
Նկարին մէջ, ճամբորդներէն մէկուն ընտանեկան պարագաները օդակայան կը հասնին: