ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Հինգշաբթի, 23 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ «Սիրոյ Յուշ Երեկոյ» առցանց ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին շարք մը հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւնները։
Ներկայացման կարելի է հետեւիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 216-9935 թիւին։