ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Երկրորդ տարին ըլլալով, Համազգայինի «Փեթակ» ամառնային ճամբարը համախմբեց հայ պատանիներ, որոնք «Զում»ի դրութեամբ եւ մէկ շաբաթ տեւողութեամբ հետեւեցան ծրագրաւորուած յայտագիրի մը եւ իրարու հետ հաճելի ժամանակ անցնելով՝ ստեղծագործեցին, բացայայտեցին եւ վերակենդանացուցին արեւմտահայերէնը իրենց առօրեային մէջ։
Առաջին օրուան աշխատանոցը վարեց Նարեկ Մեսրոպեան, որ իր խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ մը։ Ան նպաստեց մասնակցողներուն՝ իրարու ծանօթանալուն եւ իրարու հետ հանգիստ զգալուն։
Երկրորդ օրը արուեստագիտուհի Մարալ Քէշիշեան պատանիներուն ծանօթացուց գծագրութեան սկզբունքները։ Ան գոյներու եւ գիծերու ուղղութիւններ տալով պատանիներուն՝ առաջնորդեց ջայլամ մը գծելու աշխատանքը։ Նիստին վերջաւորութեան, իւրաքանչիւր մասնակցող իր գծածը հպարտութեամբ ցուցադրեց։
Երրորդ օրը Ծովինար Հացագործեան վարեց հայ մշակոյթի նիստը։ Ան մասնակցողներուն ծանօթացուց Սասունցի Դաւիթի, Սարդարապատի եւ «Մենք Ենք Մեր Սարեր»ը կոթողները եւ քաջալերեց ներկաները մասնակից դառնալու խօսակցութեան զարգացման մրցումի եւ հանելուկներու պատասխանելով, թարմացնելով իրենց հայկական գիտելիքներու եւ բառերու պաշարը։
Յաջորդ օրը, Անի Չաղլասեան առաջնորդեց «Եփել-Թափել»ու պահը։ Մասնակցողները խոհարարի գոգնոցները անցուցին եւ նետուեցան համեղ անուշեղէնի իրենց պատրաստութեան, հետեւելով իրենց ղեկավարին ցուցմունքներուն։ Ապա անոնք խօսեցան հայկական լաւաշ հացին եւ Հայաստանի մէջ աճող պտուղներուն մասին։ Հայկականէն անցնելով համամարդկայնականին, Նարեկ Մեսրոպեան խօսեցաւ կլիմայի փոփոխութեան եւ տարբեր երկիրներու ճարտարապետութեան մասին։
Վերջին օրը, Դոկտ. Շողակ Բանճարեան ներկայացուց գիտական պահը, կատարելով գիտական փորձագիտութիւններ, խօսելով առարկաներու խտութեան մասին, ինչպէս նաեւ թուաբանութեան մասնագէտ-գիտնական Տանիէլ Պրնուլիի գիւտին մասին, որ մինչեւ օրս կը դասաւանդուի դպրոցներու մէջ։
Հինգ օրերու ընթացքին ներկայացուած ծրագիրները սատարեցին մասնակցողներուն՝ արեւմտահայերէնը գործածելու իրենց առօրեային մէջ։