Շաբաթ, Նոյեմբեր 11ի երեկոյեան, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Էնսինօ, տեղի ունեցաւ Համախարբերդի հայրենակցական միութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, ներկայութեամբ աւելի քան 450 անձերու, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Մատլէն Մարտիրոսեաններու: Բարի գալստեան խօսքէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանօ Բրուտեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ ներկայացնելով միութեան բարեսիրական գործունէութիւնը սփիւռքահայ գաղութին մէջ, շեշտելով կարեւորութիւնը օժանդակելու կարիքաւոր խարբերդցի սաներուն: Ան նախ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք քաջալերած էին այս ձեռնարկը՝ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար հանդիսանալով միութեան վերելքին: Երեկոն խանդավառեց գաղութիս սիրուած երգիչ Փօլ Պաղտատլեան՝ իր նուագախումբով: Երեկոյեան յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ «Լիլիա» պարախումբը, որ երեկոն ճոխացուց իր հայկական եւ միջազգային պարերու ելոյթով, ներկաներուն հրամցնելով գեղեցիկ փունջ մը իր պարացանկէն:
Այս տարի վարչութիւնը նախ ազնիւ գաղափարը ունեցած էր գնահատելու սիրուած երգիչ, հայրենակից Մարտօ Մարտիրոսեանին երկար տարիներու գեղարուեստական վաստակը՝ հայկական եւ Խարբերդի տոհմիկ երգերու պահպանման եւ տարածման ի խնդիր:
Վարչութեան անդամները միասնաբար բեմ բարձրացան՝ Մ. Մարտիրոսեանին նուիրելու գեղեցիկ յուշատախտակ մը:
Ձեռնարկին մթնոլորտէն խանդավառ՝ ազնիւ հայրենակիցներ եւ բարերարներ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ըրին:
Ուշ գիշերին ներկաները մեկնեցան գոհունակ սրտով՝ մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ Համախարբերդի հայրենակցական միութեան: