ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- «Համաս»ի տասնեակ հազարաւոր համակիրներու առջեւ ելոյթ մը ունենալով, պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ կոչ ըրաւ նախագահ Մահմուտ Ապպասի, որ բանակցութեանց սեղան վերադառնալով շարունակէ ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքները:
Յայտնենք, թէ «Համաս»ի եւ Ապպասի «Ֆաթհ» կուսակցութեանց համակիրներուն միջեւ այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած բախումները աւելի քան տասը զոհ խլած էին:
Այս շաբթուան ընթացքին Իսրայէլ եւ պաղեստինեան շրջաններ այցելած էր Քանտըլիզա Ռայս, որ մերժած էր հանդիպում մը ունենալ Հանիյէի հետ, սակայն խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Ապպասի հետ:
Ռայսի Երուսաղէմէն մեկնումէն կարճ ատեն ետք հաղորդուեցաւ, թէ Թէլ Աւիւ Ռայսի փափաքին ընդառաջելով որոշած է կանոնաւոր յաճախականութեամբ Ռամատան ամսուն ընթացքին բանալ Ռաֆահի մէջ Կազա-Եգիպտոս անցքը: Ռաֆահի անցքը տարեսկիզբէն ի վեր մնացած է փակ, վատթարացնելով Կազայի բնակչութեան տնտեսական եւ ընկերային պայմանները: Իսրայէլեան իշխանութիւնները մերժած են վերատեսութեան ենթարկել Իսրայէլը Կազայի կապող անցքը փակ պահելու իրենց որոշումը:
Նաեւ, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, իր ինքնութիւնը գաղտնի պահելու խնդրանքով, միջազգային լրատու գործակալութիւններու յայտնեց Ռայս-Ապպաս դռնփակ հանդիպումին օրակարգը: Այդ աղբիւրը ըսաւ, որ Ռայս պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին ըսած է, թէ Ուաշինկթըն նեցուկ պիտի կանգնի անոր ենթակայ ապահովական կառոյցներուն՝ գաղտնի սպասարկութեան եւ նախագահական պահակագունդի ուժեղացումին եւ կրնայ օժանդակել այդ կառոյցներու ընդարձակման անհրաժեշտ միլիոնաւոր տոլարներ ապահովելու ճիգերուն: