14 Ապրիլին, Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի աշխարհի ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան, երբ դահլիճ բերուեցաւ Ատրպէյճանի դրօշակը, ներկաներէն մէկը մօտեցաւ բեմահարթակին, դրօշը բարձրացնող աղջկան ձեռքէն խլեց ու վառեց զայն:
Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ կատարուածին համար ձերբակալուեցաւ ձեւագէտ Արամ Նիկոլեան: Վերջինս Մալաթիոյ քննչական բաժինին մէջ քանի մը ժամ մնալէ ետք ազատ արձակուեցաւ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց միջադէպը եւ պահանջեց պատժել մեղաւորները: Ատրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէն իսկոյն որոշեցին, որ ատրպէյճանցի մարզիկները չշարունակեն մասնակցութիւնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան եւ վերադառնան իրենց երկիրը՝ կատարուածը նկատելով «բարբարոսական քայլ», պնդելով, որ Հայաստանին մէջ եղածը «ցեղային ատելութեան, ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան եւ ատրպէյճանաատեացութեան» դրսեւորում է ու կը հակասէ մարմնակրթութեան ազնիւ սկզբունքներուն եւ նպատակներուն:
Յայտարարելով, թէ այսպիսի պայմաններու մէջ, ատրպէյճանցի մարզիկներուն ապահովութիւնը երաշխաւորուած չէ, եւ իրենք նման պայմաններու մէջ չեն կրնար բնական կերպով մասնակիցիլ խաղերուն՝ Պաքու յայտնեց վերադարձի որոշման մասին եւ ընդգծեց, որ Երեւան պէտք է երաշխաւորէ անոնց ապահով վերադարձը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մը միջոցաւ յայտնեց, որ մտահոգութեամբ ընդունեց 14 Ապրիլին Ատրպէյճանի պետական դրօշին միջադէպը:
«Միջադէպը, որն արարողութեան ժամանակ անմիջապէս հարթուել է եւ որեւէ կերպ չի խոչընդոտել բնական ընթացքին, չի արտայայտում Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների դիրքորոշումը եւ դատապարտելի է սպորտային արժէքների եւ արդար խաղի (Fair Play) համընդհանուր սկզբունքների տեսանկիւնից: Միաժամանակ, ափսոսանքով ենք արձանագրում Ադրբեջանի թիմի՝ առաջնութիւնը լքելու վերաբերեալ կայացրած որոշումը եւ յաւելում, որ անվտանգութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր չի եղել, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ի սկզբանէ ապահովել է եւ շարունակում է ապահովել անվտանգութեան բոլոր չափանիշներն առաջնութեան մասնակից պատուիրակութիւնների համար: Կառավարութիւնը հաւատարիմ էր լրացուցիչ անվտանգային միջոցառումներ ապահովելու ադրբեջանցի մարզիկների համար նախկինում իր կողմից ստանձնած պարտաւորութեանը: Դրա վկայութիւնն այն է, որ գրեթէ երկու օր ադրբեջանցի մարզիկներն անվտանգ եւ ապահով գտնուել են Հայաստանում, իսկ առաջնութիւնը լքելու որոշումն ընդունելուց յետոյ համապատասխան ծառայութիւններն ապահովել են նրանց անվտանգ մեկնումը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց արարողութեան ընթացքին, Ատրպէյճանի դրօշը այրելու փաստով: Գործը յարուցուեցաւ՝ իբրեւ ազգային ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրելու ու Ատրպէյճանի պետական դրօշը անարգելու յօդուածներով:
Պաքու միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ խստօրէն դատապարտելու Հայաստանը:
Եւրոպայի ծանրաբարձութեան դաշնակցութիւնը (EWF) խստօրէն դատապարտեց տեղի ունեցած միջադէպը՝ «շատ լուրջ եւ ցաւալի նկատելով յարձակումը մարզական արժէքներու անձեռնմխելիութեան եւ արդար խաղի համընդհանուր սկզբունքներուն վրայ»:
«Եւրոպայի ծանրաբարձութեան դաշնակցութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այս միջադէպին՝ յայտնելով իր հաստատակամ դիրքորոշումը Կազմակերպիչ կոմիտէին նկատմամբ եւ խնդրելով լրացուցիչ երաշխիքներ այս մրցաշարքի բոլոր մասնակիցներու ապահովութեան համար: Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը մնայուն կերպով գտնուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան հետ՝ իր լիակատար համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնելով մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պաշտօնեաներուն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն ժամանակ, դաշնակցութիւնը նկատել տուաւ, որ »այս միջադէպը մեկուսացուած է, եւ պիտի հետեւի Կազմակերպիչ կոմիտէէն հրատապ պահանջուող լրացուցիչ քայլերու իրականացման«:
Ափսոսանք յայտնելով, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը «ստիպուած եղած է լքել մրցումը», Եւրոպայի ծանրաբարձութեան դաշնակցութիւնը յայտնեցց, որ «որոշումը կը յարգէ»: