3 Փետրուարին, Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին Վայոց Ձոր կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց Ջերմուկ քաղաքը: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Ջերմուկի համայնքապետարանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն։
Դիտարկուեցան Ջերմուկ զբօսաշրջութեան քաղաքին յարակից այն հատուածները, ուր (Սեպտեմբեր 2022ի յարձակման ընթացքին ներխուժելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը) այժմ տեղակայուած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերը:
Վայոց ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանի եւ Ջերմուկ համայնքի ղեկավար Վահագն Արսէնեանի ընկերակցութեամբ Ռուսիոյ դեսպանը այցելեց Ջերմուկի Մաքսիմ Կորքիի անուան դպրոցը, այնուհետեւ Ջերմուկի Շարլ Ազնաւուրի անուան արուեստի դպրոցը, ուր հիւրերը դիմաւորուեցան աղ ու հացով: