Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) կը հաղորդէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Քոնկրէսին մէջ իրենց ունեցած ելոյթներով խումբ մը քոնկրէսականներ նշած են Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձը, որուն համար յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ:
Ինչպէս Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովին առջեւ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին ԱՀԴՅի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտնեց. «Մեր մեծագոյն մարտահրաւէրները մեր առջեւն են, որովհետեւ Հայաստանի անկախութիւնը թէ՛ մեր յոյսերու իրականացումն էր եւ թէ հիմնաքարը առողջ, ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիքի»:
Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Հայկական հարցերու համախմբումի փոխնախագահներ Ֆրէնք Փալոն եւ Ճօ Նոլընպըրկ յայտարարեցին, թէ Հայաստան կայունացնող ազդակ մը դարձած է հարաւային Կովկասի մէջ ու վստահելի գործակից մըն է Միացեալ Նահանգներու:
Իր կարգին, ծերակուտական Պարպարա Պաքսըր, որ Հայաստան այցելած էր վերանկախացումէն անմիջապէս առաջ, ողջունեց հայութեան ցուցաբերած քաջութիւնը եւ կորովը ու աւելցուց, թէ Հայաստան իր այցելութիւնը պատճառ դարձած է, որ աւելի լուրջ աշխատանք տանի Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու նպատակով:
Այս առիթով ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրէսականներ Ճորճ Ռատանովիչ, Էտըմ Շիֆ, Էտ Մարքի, Ճան Քանիըրզ, Հաուըրտ ՄըքՔիըն ու Սքաթ Կէրէթ: