ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Դեկտեմբեր 21ին, ստորագրեց դատապարտուած անձերու փոխանցման մասին Եւրոպայի խորհուրդի հռչակագիրի լրացուցիչ արձանագրութիւնը։
Այս արձանագրութիւնով կը նախատեսուի դատավճիռ արձակած պետութենէն ծագման պետութիւն փախուստ կատարած, ինչպէս նաեւ դատապարտման պատճառով ծագման պետութիւն վտարման ենթակայ դատապարտուած անձերու՝ իրենց ծագման պետութեան մէջ պատիժ կրելու նպատակով փոխանցումը կարգաւորող յօդուածներ։
2001էն ի վեր, Հայաստանի համար ուժի մէջ մտած դատապարտուած անձերու փոխանցման մասին հռչակագիրի նպատակն է նպաստել դատապարտուած օտարներու ընկերային վերահամարկման՝ իրենց ծագման կամ ծննդավայր պետութեան մէջ պատիժ կրելը թոյլ տալու միջոցով։