ՏՈՆԻ ՌՈՍՏՈՎ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնները պիտի ուժեղացնեն գործակցութիւնը միջազգային յանցաւոր խմբաւորումներուն դէմ մղուող պայքարին մէջ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարար Ռաշիտ Նուրկալիեւ՝ ամփոփելով Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ոստիկանութեան միացեալ անձնակազմի նիստի արդիւնքները:
Այս հանդիպումները տեղի ունեցած էին Տոնի Ռոստովի մէջ. «Հանդիպման ընթացքում մենք քննարկեցինք երեք հարց, որոնք արտացոլում են Ռուսաստանի եւ Հայաստանի իրական քրէական իրադրութիւնը: Դա նախեւառաջ երկու երկրների գերատեսչութիւնների գործակցութիւնն է յանցաւոր միջավայրի պարագլուխների գործունէութեան դէմ մղուող պայքարում», ըսաւ ան: Նուրկալիեւ նշեց, որ գործակցութեան կարեւորագոյն հարցը տարածաշրջանային ուղղակի կապերու հաստատումն է, որմէ կախեալ է իրաւակարգի մարմիններու գործողութիւններու գործնականութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը:
Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ոստիկանութեան գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու մասին: