Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 28 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Կիպրոսը եւ անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հայաստանի կազմին նորագոյն մարզիկը՝ 19 տարեկան յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս, երկու կօլեր նշանակեց։ Ան մաս կը կազմէ »Պայէրն Միւնիխ«ի երկրորդ խումբին: