ԵՐԵՒԱՆ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Մամլոյ Գրասենեակ.-
Մասնակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանցին, տնօրէնի խորհրդական Այտա Խաչիկեանին, առողջապահութեան ազգային հաստատութեան տնօրէն Դ. Դումանեանին, Սեպտեմբեր 29ին տեղի ունեցաւ «Քանաքեռ-Զէյթուն» բժշկական կեդրոնի պաշտօնական վերաբացման արարողութիւնը:
Յատկացուած մօտ 61 միլիոն դրամի (շուրջ 181,660 տոլար) ներդրման շնորհիւ նորոգուած են կեդրոնի շարք մը հիմնական բաժանմունքները:
«Հպարտութեամբ կարող եմ յայտարարել, որ նորոգուելուց եւ նորագոյն
սարքաւորումներով վերազինուելուց յետոյ մեր բժշկական կեդրոնը
համապատասխանում է միջազգային չափանիշներին: Սա, անշուշտ, իր բարերար ազդեցութիւնը կ’ունենայ բժշկական կեդրոնի հետագայ գործունէութեան վրայ, կը խթանի նոր գաղափարների ու մեթոտների իրագործումը», լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Քանաքեռ-Զէյթուն բժշկական կեդրոնի տնօրէն Գագիկ Ստամբուլցեանը:
Կեդրոնի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայաստան» համահայկական
հիմնադրամին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին օժանդակութեան համար եւ նշեց, որ շուտով կ’աւարտի նաեւ երկու բաժանմունքներու նորոգումը:
«Հայաստան» հիմնադրամը նորոգման աշխատանքները իրականացուցած է երկու փուլով: Զայն գործադրուած է հիմնադրամի Մեծն Բրիտանիոյ տեղական մարմինի ֆինանսաւորումով՝ ի յիշատակ Ալիս Մարկոսեանի եւ Յակոբ Գլենջեանի:
«Հիմնադրամի բոլոր ծրագրերն էլ մեզ համար կարեւոր են, եթէ դրանք փոխում են մարդկանց կեանքի որակը», ըսաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանցը: