ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Նոյեմբեր 23ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի ընթացքին, հանգանակուեցաւ 13.7 միլիոն տոլար, ինչ որ մրցանիշ կը համարուի թելեթոնի նախընթաց տարիները հաշուի առնելով:
Թելեթոնին ներկայ եղան եւ խօսք առին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Ժան Գոսագեան եւ Արամ Գալուստեան, որոնք անդրադարձան Արցախի մէջ գիւղերու վերակառուցման առումով կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն եւ կոչ ուղղեցին ժողովուրդին, որպէսզի մասնակցի թելեթոնին: Խօսք առին նաեւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք դրամական մասնակցութենէն անկախ, ժողովուրդին դրամահաւաքի կոչ ուղղեցին:
Մեծ նուիրատուներու շարքին էին ամերիկահայ բարերարներ Սարգիս Յակոբեան (550 հազար), Լուիս Սիմոն Մանուկեան (500 հազար): Թելեթոնի ընթացքին կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ Արցախի մէջ նպատակային ծրագիրներու իրականացման համար: Ամերիկահայ բարերար Ճերի Թրփանճեան 1.25 միլիոն տոլար նուիրեց Ստեփանակերտի մէջ դպրոց կառուցելու համար, Վահէ Կարապետեան՝ 1.5 միլիոն տոլար՝ ճանապարհաշինութեան նպատակով, «Լինսի» հիմնադրամը նուիրեց 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի ամբողջ տարածքի կրթական հաստատութիւններու շինարարութեան ծրագրի իրականացման համար, Project Cure կազմակերպութիւնը՝ 2 միլիոն տոլար, Հադրութի շրջանի հիւանդանոցին համար բժշկական սարքաւորումներ ապահովելու նպատակով, Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան՝ 1 միլիոն տոլար՝ Ստեփանակերտի մէջ դպրոց կառուցելու համար:
Թելեթոնին իրենց ակնառու մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանէն գործարարներ եւ դրամատուներ: Այսպէս, Հայաստանի գործարարներէն Միքայէլ Պաղտասարով նուիրեց 100 հազար տոլար, Սամուէլ Ալեքսանեան՝ 50 հազար տոլար, Ռուբէն Հայրապետեան՝ 50 հազար, իսկ բջիջային հեռաձայնի «Վիվասել» ընկերութիւնը՝ 70 հազար տոլար:
Ժողովրդային մակարդակի վրայ նուիրատուութիւններ եղան նաեւ Եւրոպայէն, յատկապէս Ֆրանսայէն եւ Գերմանիայէն:
Թելեթոնին, որուն անձամբ ներկայ եղաւ եւ բազմիցս խօսք առաւ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան, ժողովուրդին յատուկ պատգամներ յղեցին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Ամենային հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիայէն Հայց. եկեղեցւոյ առաջնորդներ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայ աւետ. համայնքէն վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Անտոն վրդ. Սարոյեան: