ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Արդէն իսկ իրենց աւարտին կը մօտենան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուող այս տարուան թելեթոնի նախապատրաստական աշխատանքները: Այս մասին Հոկտեմբեր 18ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նայիրա Մելքումեան եւ նշեց, որ Նոյեմբեր 23ին նախատեսուած թելեթոնի հիմնական նպատակն է միջոցներ հանգանակել ԼՂՀի Հադրութի շրջանի զարգացման ծրագիրներուն համար:
Ան նշեց նաեւ, որ մինչ Նոյեմբեր 23 տեղի պիտի ունենայ եւրոպական ֆոնոթոն (հեռաձայնով դրամահաւաք), որուն այս տարի պիտի միանայ նաեւ Պելճիքիայի հայկական համայնքը, իսկ Հայաստանի մէջ ֆոնոթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15-17ին:
Ասուլիսի ընթացքին Ն. Մելքումեան հերքեց «Հայաստան» հիմնադրամի հասցէին կատարուած կարգ մը մեղադրանքները եւ յայտնեց, որ «Հայաստան» հիմնադրամը համաձայն չէ այն որակումներուն հետ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հիմնադրամի ծրագիրները ձախողած կը համարեն: Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին, միջազգային կազմակերպութիւններ տարին երկու անգամ վերստուգման կ’ենթարկեն հիմնադրամի աշխատանքները: