ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 1ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հայ-ռուսական միջկառավարական բանակցութիւններու ընթացքին, քննուեցան երկու երկիրներուն միջեւ առկայ հրատապ բոլոր հարցերը, յայտնեցին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Անդրանիկ Մարգարեան եւ Միխայիլ Ֆրատքով՝ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Քննարկեցինք հարցերի մեծ մասը, մանրամասները, հայկական եւ ռուսական պատուիրակութիւնների անդամներին հնարաւորութիւն տուեցինք հանդէս գալ մեկնաբանութիւններով», տեղեկացուց Ֆրատքով եւ նշեց, որ հայ-ռուսական, եւ առաջին հերթին առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները կը զարգանան բաւական ուժական ձեւով, ինչ որ վկայութիւն ու հետեւանք է քաղաքական մակարդակով խոր եւ լայնածաւալ շփումներու:
Վարչապետ Մարգարեան նշեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի, թէ՛ լաստանաւային եւ թէ ցամաքային հաղորդակցութեան խնդիրները, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն գալիք տարեսկիզբէն դրական տեղաշարժեր կ’ակնկալուին:
Այսօր, Հայաստանի կառավարական պատուիրակութիւնը կը մեկնի Ս. Փեթերսպուրկ: