«Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը թրքական մամուլէն քաղելով կը հաղորդէ, որ աւարտած են Վանի Արտամէտ շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մը վերանորոգութեան աշխատանքները։
Տեղական իշխանութիւնները որոշած են վերանորոգուած հայկական եկեղեցին գործածել իբրեւ թանգարան։
Յունիս 6ին սկսած վերանորոգութեան աշխատանքները իրականացնելու համար Եւրոպական միութիւնը յատկացուցած է 185 հազար եուրօ։
13րդ դարուն կառուցուած եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք չգործող Արտամէտի եկեղեցին տեղւոյն բնակչութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներուն առջեւ իր դուռները պիտի բանայ իբրեւ Վան քաղաքի թանգարան, ուր պիտի ցուցադրուին Վանի պատմամշակութային արժէքները։