ԵՐԵՒԱՆ «Երկիր».- Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սերկէյ Մանասարեանը յայտնեց, որ դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբերին Սոֆիայի կեդրոնական պատկերասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի հայկական ժամանակակից գեղարուեստի ցուցահանդէսին:
Իր կարգին, Աւստրիոյ, Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիայի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան յայտնեց, թէ նման միջոցառումները յոյժ կարեւոր են Հայաստանը աշխարհին ծանօթացնելու աշխատանքին մէջ, սակայն շեշտեց, թէ պետութիւնը պէտք է յաւելեալ գումարներ տրամադրէ այս նպատակին համար: