ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ», «Թրենտ».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու տարեկան համագումարին յայտարարեց, որ նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմը ուժեղ կերպով դէմ է Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, սակայն, շարունակեց ան, աչքի առջեւ ունենալով ընտրութիւններէն ետք քաղաքական փոխուած մթնոլորտը Ամերիկայի մէջ, այդ բանաձեւին որդեգրումին դէմ պայքարիլը աւելի դժուարացած է վարչակազմին համար:
Ծանօթ է, որ Ներկայացուցիչներու տան յառաջիկայ խօսնակ Նենսի Փելոսի յստակօրէն յայտարարած էր, թէ ինք որոշած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ դնել:
Պրայզա ըսաւ, թէ «վարչակազմը նախկինին պէս ուժեղ կերպով պիտի ընդդիմանայ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին» եւ աւելցուց ըսելով. «Ըսածս այն է, որ քաղաքական իրականութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է, հետեւաբար, մեզի համար անկարելի է նախատեսել, թէ այս նոր մեքանիզմը ինչպէս պիտի գործէ: Նախկինին նման նոյն լծակները չունինք»: