Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի կողմէ կեանքի կոչուած տառերու գիւտի 1600 ամեակը մեծարող յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, քանի մը օր առաջ Հայ ակումբի սրահին մէջ կազմակերպուած էր գեղարուեստական-դասախօսական ծրագիր՝ պարսիկներու համար:
Տէրունական աղօթքով եւ Իրանի պետական քայլերգով սկսած ծրագիրին, բացման խօսք ուղղեց Վարդան Դաւթեանը:
Ծրագիրին ներկայ էին՝ ուսումնադաստիարակչութեան փոխնախարար Միրզափուրը, խորհրդարանի պատգամաւոր դոկտ. Ահմատ Նուրիզատէն, Թ. Հ. Թեմական խորհուրդի, Կրթական խորհուրդի, հայոց դպրոցներու տեսուչ-տեսչուհիներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ապա ընթերցուեցաւ խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանի յղած խօսքը:
Ծրագիրի գեղարուեստական բաժինին մէջ եղան դաշնամուրային կատարումներ, երգ եւ ասմունք:
Օրուան առիթով խօսք տրուեցաւ պրն. Միրզափուրին եւ դոկտ. Ա. Նուրիզատէին, որոնց ներկայացուց խորհրդարանին մէջ նախկին նստաշրջաններու հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Վարդան Վարդանեանը:
Ծրագիրի աւարտին, պարսկերէնով ընթերցուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի յղած պատգամը: