Թուրքիայէն հնչող այն «զգայացունց» յայտարարութիւնները, թէ Թուրքիան նո՜ր մարտավարութեան պիտի դիմէ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրով, իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ հին մարտավարութեան նո՛ր փաթեթաւորումն է։ Այս մարտավարութեան նպատակը նոյնն է՝ տարիներով վիճարկել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը, առաջքը առնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։ Այլ խօսքով, այս «նոր» մարտավարութիւնը նոյն նպատակը կը հետապնդէ, ինչ որ կը հետապնդէր 2005ի Ապրիլին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի նամակով առաջարկուած «պատմաբաններու երկկողմ յանձնաժողով»ի կազմութիւնը։ Այսինքն՝ խնդիրը վերածել պատմական վիճելի հարցի եւ այդպիսով զայն դուրս բերել քաղաքական օրակարգէ։
Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Կիւլ, երկու օր առաջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի մէկ յանձնախումբի նիստի ընթացքին, ուր կը քննարկուէր յառաջիկայ տարուան համար իր նախարարութեան ամավարկը, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ըսած է, թէ յառաջիկայ տաս տարիներուն, այս հարցը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խնդիրը, որովհետեւ ան կը խանգարէ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները բազմաթիւ պետութիւններու հետ։ Նախարարը ըսած է նաեւ, թէ իրենք կը խորհրդակցին թուրք եւ միջազգային իրաւագէտներու հետ՝ քննելու համար այս հարցով «միջազգային դատարան» դիմելու նպատակայարմարութիւնը։
Թուրքիոյ արտգործնախարարին կողմէ «միջազգային դատարան» այս անորոշ բնութագրումը անմիջապէս բացատրուեցաւ թուրք թոշակառու դիւանագէտներ Շիւքրու Էլեքտաղի եւ Կիւնտիւզ Աքթանի կողմէ։ Աքթան, որ նաեւ անդամ էր տխրահռչակ Թուրք—հայկական «հաշտութեան» յանձնաժողովին, այս մասին խօսած էր նաեւ վերջերս Քանատայի մէջ իր դասախօսական շրջագայութեան ժամանակ։
Էլեքտաղի եւ Աքթանի յայտարարութիւններէն յստակացաւ, որ այդ «միջազգային դատարան»ը ոչ թէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանն (ԱՄԴ, International Court of Justice) է, այլ՝ Իրաւարարութեան մշտական դատարանը (ԻՄԴ, Permanent Court of Arbitration)։ Թէեւ այս երկու դատարաններն ալ կը գործեն Լա Հէյի (The Hague) մէջ գտնուող նոյն շէնքին մէջ, սակայն անոնց առաքելութիւնն ու լիազօրութիւնները լրիւ տարբեր են, ինչպէս իրենց անուանումներն ալ կը յուշեն։
Պարզ է, որ թուրք դիւանագիտական շրջանակները կը փորձեն նախ եւ առաջ քարոզչական քայլ կատարել իրենց այս յայտարարութիւններով։ Այդ մասին կը խոստովանի նոյնինքն Աքթան, որ «Միլլիէթ»ի ըսած է. «Թէեւ դատական գործընթացը կրնայ տեւել 5-10 տարի, սակայն արդէն այսօրուընէ բարոյական առումով կ՚ապահովէ մեր առաւելութիւնը: Եթէ դատարան կանչուելու պարագային Հայաստանը կամ Ֆրանսան հրաժարին ներկայանալ, ապա խայտառակ կ՚ըլլան աշխարհով մէկ»…:
Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներու» հարցը միջազգային իրաւարարութեան յանձնելու գաղափարի հեղինակի յաւակնորդ Աքթանի համաձայն, այդ գործընթացը կ՚ենթադրէ…
1.- Ստեղծել յանձնաժողով՝ ստուգելու համար Թուրքիոյ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի, Հ.Յ.Դ.ի Պոսթընի, Հայաստանի, Ռուսիոյ, ԱՄՆի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի արխիւներուն մէջ պահպանուող փաստաթուղթերու իսկութիւնը,
2.- Կատարել վիճակագրական աշխատանքներ՝ ուսումնասիրելու համար բնակչության էթնիք կազմի փոփոխութիւնները,
3.- Ուսումնասիրել ռազմական տեղաշարժերն ու հայկական զինեալ խմբաւորումներու գործունէութիւնը,
4.- Ճշդել տեղահանութեան ընթացքին կատարուած մահուան դէպքերու պատճառները,
5.- Ուսումնասիրել հիւանդանոցներու տուեալ ժամանակահատուածի գրանցամատեանները,
6.- Դատաբժշկական եզրակացութեամբ պարզել ընդհանուր գերեզմաններու մէջ թաղուածներու ազգային պատկանելիութիւնը:
Թուրք դիւանագէտները կը փորձեն այն՝ ինչ չկարողացան իրագործել «պատմաբաններու երկկողմ յանձնաժողով»ով, իրականացնել՝ պատմական հարցը իրաւարար դատարան յանձնելով։ Միաժամանակ, փորձելով ապահովել քարոզչական վարկանիշ։
Սակայն, հարցը այն է, որ Ցեղասպանութեան 1948ի ուխտագրի (Convention on the Prevention and Punishment of the Crime of Genocide) 9րդ յօդուածով յստակօրէն ճշդուած է, թէ «Պայմանաւորուող կողմերու միջեւ վէճերը, կապուած սոյն ուխտագրի մեկնաբանման, կիրառման կամ կատարման հետ, ներառեալ նաեւ ցեղասպանութեան կամ սոյն ուխտագրի երրորդ յօդուածին մէջ թուարկուած որեւէ արարք կատարելու համար այս կամ այն պետութեան պատասխանատուութեան վերաբերեալ վէճերը, կը յանձնուին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի քննութեան վէճի կողմերէն իւրաքանչիւրին պահանջով» (Ընդգծումը՝ մեր կողմէ, Կ.Մ.):
Այլ խօսքով, թուրք դիւանագէտները ի սկզբանէ ոտնակոխ ընելով եւ խախտելով Ցեղասպանութեան ուխտագրով ճշդուած սկզբունքները, հարցը կ՚ուզեն տանիլ այլ ուղղութեամբ, գիտնալով հանդերձ, որ Հայաստան ստորագիր չէ եւ մաս չի կազմեր Լա Հէյի 1899ի եւ 1907ի ուխտագրերու հիման վրայ կազմուած Իրաւարարութեան մշտական դատարանին։
Իսկ եթէ թուրք դիւանագիտութիւնը իսկապէս կ՚ուզէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրները (որոնց միայն մէկ բաժինն է Հայոց Ցեղասպանութիւնը) յանձնել միջազգային իրաւարարութեան, ապա քննութեան ներկայացուելիք հարցերը նախ եւ առաջ պէտք է ըլլան իրաւական խնդիրներ, որոնց կարգին՝
1.- 10 Օգոստոս 1920ի Սեւրի պայմանագրին համաձայն՝ ԱՄՆ նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած Թուրքիոյ արեւելեան սահմանի վերականգնման խնդիրը.
2.- 2 Դեկտեմբեր 1920ին ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի պայմանագրի ոչ—վաւերական ըլլալու հանգամանքը.
3.- 16 Մարտ 1921ի Մոսկուայի եւ 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի պայմանագրերու այլեւս ոչ—վաւերական ըլլալու հանգամանքը.
4.- 23 Հոկտեմբեր 1921ի Կարսի պայմանագրի հիմնական տրամադրութիւններու խախտումը Թուրքիոյ կողմէ 1991 թուականէն ի վեր.
5.- 10 Օգոստոս 1920ի Սեւրի դաշնագիրը 24 Յուլիս 1923ի Լօզանի դաշնագրով փոխարինելու անօրինականութիւնը։
Իսկ եթէ Թուրքիա կ՚ուզէ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ իր պատասխանատուութեան խնդիրը անպայման դատարանի միջոցով ճշդել, ապա պէտք է դիմէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին։
Անհրաժեշտ է միջազգային հանրային կարծիքին մօտ արագ կերպով բացայայտել թուրք դիւանագիտութեան այս նոր կեղծիքին իսկական նպատակները եւ անարդիւնաւէտութիւնը։
«ԱԶԳ», Նոյեմբեր 17, 2006