ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Ո՞վ չէ լսած մեր տեսակին մասին մե՛ր իսկ յոխորտանքները, մեր տեսակին ուրիշ եւ գերազանց ըլլալը՝ խելքով, իմաստութեամբ, կարողութիւններով, մարտունակութեամբ եւ մշակոյթով: Այս տեսակէտը, մանաւա՛նդ Հայաստանի մէջ, շատ տարածուած է, թէեւ արտասահմանի մէջ ալ քիչ չէ այս մասին ինքնախաբէութիւնը:
Հայաստանի մէջ յայտնի չէ, թէ ի՛նչն է պատճառը այս թիւր կարծիքին: Սփիւռքի տարածքին, հաւանաբար, այդ մէկը արդիւնք է տեղացի ժողովուրդներուն կողմէ մեր մասին կատարուած գովասանքին եւ մեզ տածած յարգանքին: Արդ՝ փորձենք հասկնալ այդ գովասանքին եւ յարգանքին տուն տուող դրդապատճառները:
Անցեալ դարու սկիզբը, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Կիլիկիայէն միջինարեւելեան երկիրներ ապաստանած տարագիրները, իրենց ապրուստը եւ կտոր մը հացը ճարելու հարկադրանքին տակ գտնուելով եւ մեծամասնութեամբ հաւաքուած ըլլալով քաղաքներու մէջ, ինչպէս Հալէպ, Դամասկոս, Պէյրութ եւ այլն, զրկուած մշակելի հողամասերէ՝ պէտք էր զբաղէին արհեստներով, որոնցմով տեղացի ժողովուրդները ընդհանրապէս չէին զբաղեր: Տեղացիները երկրին բնիկները ըլլալով՝ մեծ մասամբ գիւղաբնակներ էին, հետեւաբար՝ խաշնարածութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնն էին իրենց ապրուստի միջոցը, իսկ քաղաքներու բնակչութիւնը կազմողները կա՛մ պետական պաշտօնեաներ էին, կա՛մ մանր առեւտրականներ: Տեղական լեզուին չտիրապետելու պատճառով, հայութեան կը մնար հարկադրաբար արհեստներու հետեւիլ, եւ շատ չանցած՝ անոնք հռչակ ունեցան իբրեւ դերձակներ, ոսկերիչներ, մեքենագործներ, փականագործներ, ատաղձագործներ եւ ընդհանրապէս բոլոր արհեստներուն մէջ անմրցակից վարպետներ: Մէկ-երկու սերունդ պէտք էր, որպէսզի արհեստներէն հետզհետէ անցնէինք վաճառականութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու: Այսպէս, տեղացի ժողովուրդներուն մէջ տարածուեցաւ այն կարծիքը, որ հայը խելացի եւ աշխատասէր ժողովուրդ է:
Իրականութեան մէջ, ժողովուրդներուն միջեւ բնածին կենսաբանական տարբերութիւններ չկան, այլ՝ ընկերային, աշխարհագրական, տնտեսական եւ կրթական ազդեցութիւններ, որոնք կ՛ազդեն անոնց զարգացման մակարդակին վրայ: Ամերիկացի մարդաբան եւ մտաւորական Ճարէտ Տայամընտ, իր »The World Until Yesterday« աշխատութեան մէջ կը նկարագրէ աշխարհի ամէնէն նախնադարեան եւ աշխարհէն կտրուած Նոր Կինէայի Փափուա ցեղախումբերուն կեանքը եւ կը պնդէ, որ եթէ անոնցմէ մէկը մրցէր ամերիկացի գիտնականի մը հետ, կղզիի առօրեայ կեանքին հետ առնչութիւն ունեցող հարցի մը արագ լուծման համար, ապա, շատ հաւանաբար, ամերիկացին պիտի անճրկէր: Ճարէտ Տայամընտ կը մերժէ ազգերու միջեւ IQ-ի տարբերութիւնը: Նոյնպէս, վերջին տասնամեակին անուանի դարձած իսրայէլացի պատմաբան եւ մտաւորական Եուվալ Նոա Հարարի իր »Sapiens« գիրքին մէջ մարդու ծագման մասին խօսելով՝ դարձեալ կը մերժէ ազգերու մտային կարողութեան բնածին տարբերութիւնը, իսկ հայազգի աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու, իր »Why Nations Fail« գիրքին մէջ, աւելի առաջ երթալով՝ կու տակ օրինակը El Paso քաղաքին, որուն կէսը կը գտնուի ամերիկեան հողամասին վրայ, իսկ միւս կէսը՝ Մեքսիքոյի: Մինչ ամերիկեան կողմի ժողովուրդը բարեկեցիկ է եւ զարգացած, նոյն ժողովուրդին՝ մեքսիքական հատուածին վրայ ապրող մասը ծայրայեղ աղքատ է եւ յետամնաց: Աճէմօղլու կ՛եզրակացնէ, թէ այս տարբերութիւնը կառավարութիւններու կազմակերպուածութեան եւ տնտեսական քաղաքականութեանց հետեւանք է:
Վերադառնալով մեր իրականութեան, ինչպէս յայտնի է 19 Յունուար 2023ի գիշերը, Ազատ գիւղի զինուորական կացարանին մէջ հրդեհի զոհ գացին 15 ժամկէտային զինուորներ: Հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ, են եւ տակաւին ճշգրիտ եզրակացութեան մը չեն հասած, իմանալու համար այդ հրդեհին պատճառները: Սակայն կան տարբեր վարկածներ, որոնցմէ մէկն է ատրպեճանական հաւանական խափանարարութեան մը վարկածը:
Վերջնական եզրակացութիւնը ձգենք մասնագէտներուն եւ հարց տանք մենք մեզի, թէ արդեօք մենք տակաւին ըլլալով իրողական պատերազմական վիճակի մէջ, իրաւունք ունէի՞նք 18 երիտասարդներու կեանքը վտանգելով՝ զանոնք տեղաւորելու ընդամէնը 15 քառակուսի մեթր տարածքով եւ երկաթեայ ճաղերով պատուհաններ ունեցող սենեակի մը մէջ, որմէ արագօրէն դուրս գալը հարցականի տակ կը դրուի: Ճի՞շդ է այդպիսի երեւացող զինուորական կացարան մը ունենալ թշնամու հրետանային հեռաւորութեան ներքոյ, երբ միայն երկու տարի առաջ անօդաչուներու գործած աւերը դեռ թարմ է մեր յիշողութեան մէջ: Ե՞րբ դասեր պիտի քաղենք վերջապէս մեր իսկ արիւնոտ պատմութենէն: Իսկ այլ երկիրներու փորձառութենէն ձրի դասերը, որոնցմէ պէտք է օգտուէինք, անվերջանալի՛ են: Անոնցմէ յիշենք Լիբանանի »Հըզպալլա«ի կիրարկած պաշտպանական եւ յարձակողական գետնափոր թաքստոցները՝ Հարաւային Լիբանանի այլապէս աչքի չզարնող եւ ընդհանրապէս տափարակ ու դաշտային մակերեւոյթին վրայ, որոնք պատճառ դարձան իսրայէլեան յառաջացող բանակի պարտութեան եւ նահանջին, բուռ մը կիսազինուորական՝ կամաւոր զինուորագրուած ջոկատներու անձնազոհ յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք: Երկրորդը՝ ոչ շատ յայտնի Հիւսիսային Քորէայի օրինակն է, որ ծայրայեղ աղքատ եւ յետամնաց ըլլալով հանդերձ, այնպիսի՛ հզօր պաշտպանական ենթակառոյցներ ունի Հարաւային Քորէայի հետ իր սահմանի երկայնքին, գետնափոր եւ մղոններ երկարող փապուղիներու ու թաքստոցներու մէջ, ուր ամբողջ վաշտեր կարելի է պատսպարել, հեռու հակառակորդ բանակին աչքերէն:
Մեր ղեկավարութիւնը, անցեալէն սկսեալ, մեզ սխալ եւ սուտ տեղեկութիւններով դաստիարակած է եւ մեզ քնացուցած՝ ըսելով, որ իբր թէ մեր տեսակը տարբեր է, մեր ծինը՝ հայու ծինը, արտակարգ բարձր է, իսկ թուրքին եւ ատրպէյճանցիին ծինը՝ ստորադաս: Իրականութիւնը եկաւ փաստելու, թէ չկա՛ն ստորադաս ուղեղով ժողովուրդներ, եւ թէ թուրքը ստորադաս չէ՛: Անոնք դասեր քաղեցին Արցախի առաջին պատերազմին իրենց կրած պարտութենէն եւ համբերութեամբ ամբողջ երեսուն տարի պատրաստուեցան, հզօրացան ամէն մակարդակներու վրայ, մինչեւ որ հսկայական առաւելութիւն ձեռք ձգեցին եւ յաղթեցին վերջին պատերազմին:
Մեր բանակային համակարգը եւ ընդհանրապէս թէ՛ ռազմավարութիւնը, թէ՛ մարտավարութիւնը, հիմնական վերատեսութեան ենթարկուելու կարիք ունին, իսկ մենք պէտք է շուտափոյթ մասնագիտական բանակային համակարգի անցնինք: Պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, որովհետեւ այդ »խաղաղութեան« թեզը անիրական եւ ծիծաղելի է: Չկա՛յ այդպիսի բան. ատրպեճանցիները պիտի շարունակեն՝ այս անգամ բո՛ւն Հայաստանի նկատմամբ հողային նկրտումները, իսկ անոնց հետագայ գործողութիւնները պիտի ըլլան Սիւնիքի համար:
Վերեւը յիշուած հրդեհը թող իրակա՛ն դաս ըլլայ եւ սթափեցնէ մեզ, թէ՝ այս ձեւով կարելի չէ՛ երկիր պաշտպանել: Սիւնիքը օժտուած է աշխարհագրական բացառիկ բնական ամրութիւններով, սակայն թշնամին այդ ամրութիւններուն վրայ է արդէն: Անյապաղօրէն անհրաժեշտ է կառուցել այնպիսի պաշտպանական դիրքեր, ինչպէս նշուած են վերեւը, ուրիշ երկիրներու օրինակներով:
Այդ նպատակին համար հարկ է ուժերու լարում՝ համայն հայութեամբ. Հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով:
Վաղը կրնայ ուշ ըլլալ…