Արեւմտեան թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցները, հաւատարիմ քրիստոսաւանդ պատգամին, իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած մանուկներուն ու պատանիներուն կը ջամբեն քրիստոնէական գիտելիքներ եւ հայեցի առողջ կրթութիւն։ Արդարեւ, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Կրօնական ժողովի անմիջական խնամքը եւ հոգածութիւնը վայելող Կիրակնօրեայ դպրոցները, ինչպէս անցնող տարիներուն, բայց մասնաւորաբար 2006-07 ուսումնական տարեշրջանին ունեցան արդիւնալից եւ բարեյաջող տարեշրջան մը։ Կազմակերպուեցան դաստիարակչական բնոյթով ուսուցչաց միօրեայ հաւաքներ, լսարաններ եւ միջ-դպրոցական հանդիպումներ, զարգացման մրցումներ եւ տօնախմբութիւններ։
Ուսումնական այս տարեշրջանին էր, որ կազմուեցան եւ պատրաստուեցան Նոր Կտակարանի աւետարանական 32 դէպքերու եւ հրաշքներու պատկերազարդ եւ գունաւոր նկարները, Կիրակնօրեայ լսարանային բաժնի դասաւանդութեանց տարեկան ծրագիրի պատրաստութիւնը՝ համաձայն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ տօնակարգին։ Այս բոլոր աշխատանքները յառաջ տարուեցան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմի ամբողջանուէր ճիգերով եւ անձնդիր ջանքերով։
Առ այդ, երախտագիտութեան, ինչպէս նաեւ իրագործուած ծրագիրները տօնախմբելու նպատակաւ, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Շաբաթ, 9 Յունիս 2007ին, կազմակերպել ճաշկերոյթ խրախճանք եւ պարգեւատրել Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչները, ինչպէս նաեւ 5էն 25, եւ 26 ու աւելի տարիներ Կիրակնօրեայ դպրոցներէ ներս ծառայած ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները։
Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը։ Ներկայ էին Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, հոգեւոր հովիւներ, երեսփոխաններ, հոգաբարձական կազմեր, Հայց. Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներ, ուսուցչական կազմեր, ծնողներ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութեան հաւատացող աւելի քան 450 ներկաներ։
Հանդիսավար Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի օրհնէ սեղաններն ու երեկոյթը։ Ապա հաւաքաբար Կիրակնօրեայ դպրոցներու մաղթերգը երգուելէ ետք՝ հանդիսավար հայր սուրբը բացման իր խօսքին մէջ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքներուն եւ առաքելութեան, շեշտելով անոնց մատուցած երախտարժան գործը՝ նուիրուած մեր մատղաշ սերունդի հոգեւոր կրթութեան եւ կրօնական դաստիարակութեան։ Դաստիարակութիւնը, ըսաւ հայր սուրբը, պարզ եւ դիւրին գործ չէ, մանաւանդ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որուն լծուած են Կիրակնօրեայ դպրոցները։ Անոնք մեր մանուկներն ու պատանիները աստուածգիտութեան կ’առաջնորդեն, Աւետարանի ճշմարտութիւններ կը ջամբեն, հոգեւոր արժէքներով, եկեղեցագիտութեամբ ու բարոյական սկզբունքներով կը ջանան կոփել անոնց սիրտն ու հոգին, որպէսզի հոգիով հարուստ՝ անոնց մէջ կերտուի առողջ նկարագիր, ու հագնին Ս. Հոգիի սպառազինութիւնը։
Ընթրիքի պահուն, պաստառի վրայ ներկայացուեցան Կիրակնօրեայ դպրոցներու տարած աշխատանքներէն պատկերներ, աշակերտական կիրակնօրեայ գործունէութիւններն ու կրօնադաստիարակչական օգտակար ծրագիրները։ Ապա Սարին Քելէշեան, Մարք Մարգարեան եւ Սեւակ Պատոյեան հոգեւոր երգեր կատարեցին։
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան շեշտեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու եզակի ուսումնարան ըլլալու հանգամանքը, ըսելով որ այսօրուան պատանին Քրիստոս-բրուտի ձեռքերուն մէջ քրիստոնէական արժէքներով պիտի հարստանայ, հայու առողջ նկարագիր կերտէ ու կերպարանափոխուած՝ վաղուան կեանքին պիտի պատրաստուի եւ ստանձնէ եկեղեցանուէր, ազգօգուտ պատասխանատուութիւն եւ դերակատարութիւն։ Կիրակնօրեան իւրայատուկ է, որովհետեւ հոգեւոր իր հնոցին մէջ նետուողներ աստուածային ճշմարիտ գիտութեամբ կը հարստանան, արդարութեան եւ շնորհքի լոյսով կ’ողողուին, հաւատքի վահանը եւ յոյսի գօտին կը հագնին եւ Ս. Հոգիի սպառազինութեամբ՝ դէմ կը դնեն մեղքին, աշխարհին ու Սատանայի որոգայթներուն։ Ապա հայր սուրբը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի յանձնէ գնահատագիրները Կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչներուն եւ երկար տարիներ պաշտօնավարած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։ Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի ատենապետ Յակոբ Չաղացպանեան, իր մատուցած ծառայութիւններուն եւ երկար տարիներու նուիրեալ աշխատանքներուն համար, առաջնորդ սրբազան հօր կողմէ արժանացաւ յատուկ գնահատանքի եւ ստացաւ սեղանի արծաթապատ խաչ։
Իր փակման եւ օրհնութեան խօսքին մէջ, սրբազան հայրը շնորհաւորեց գնահատագիր ստացող բոլոր տեսուչները, ուսուցիչներն ու ուսուցչուհիները եւ բարձր գնահատեց Կիրակնօրեայ դպրոցներու տարած կրօնադաստիարակչական օգտակար աշխատանքները։ Առաջնորդը գնահատեց նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու տարեկան անդրանիկ այս ձեռնարկը կազմակերպող Ծնողա-օժանդակ յանձնախումբը, վարիչ մարմինը, ինչպէս նաեւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչ հայր սուրբերը, ներկայ եղող եկեղեցիներու հոգաբարձական եւ երեսփոխանական կազմերը, երիտասարդաց ներկայացուցիչները, մաղթելով, որ յառաջիկային կրօնադաստիարակչական, կազմակերպչական-հոգեւոր աշխատանքները առաւել եւս ծաւալին, ըլլան արդիւնաւոր եւ նորանոր իրագործումներով հարուստ՝ ի սպաս եւ ի հոգեւոր կրթութիւն ու ազնիւ, բարի ծառայութիւն, վասն հայ մատղաշ սերունդներուն։
Երեկոյթի մնացեալ ժամերը ներկաներ վայելեցին ժողովրդային հայ երգերու սիրուած մեկնաբան Ատիս Հարմանտեանի ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերու խանդավառ մթնոլորտը։
Մ.Ծ.Վ.Ա.