ՈՒԱՇԻՆԿԹՆԸ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, աչքի առջեւ ունենալով Ռիչըրտ Հոկլընտի Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակման դէմ ծերակուտականներու ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի կողմէ անոր դէմ դրուած արգելքը, ծերակուտականներու կոչ ուղղեց, որպէսզի Սպիտակ տունէն պահանջեն ետ քաշել Հոկլընտի թեկնածութիւնը այդ պաշտօնին:
Բոլոր՝ 100 ծերակուտականներու յղուած Նոյեմբեր 8, 2006 թուակիր նամակով, Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտնեց. «Պարզօրէն, Ցեղասպանութիւնը ուրացողը չի կրնար ազդու կերպով յառաջ մղել ամերիկեան շահերն ու արժէքները Հայաստանի մէջ, երկիր մը, որ Թուրքիոյ կազմակերպած Ցեղասպանութեան մոխիրներէն յառնած է»: Ան աւելցուց ըսելով, որ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող մը Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակելը շեշտակիօրէն կ’ականահարէ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը եւ մեծ նահանջ կ’ենթադրէ ցեղասպանութեանց կանխարգիլումի ծիրէն ներս Ամերիկայի յանձնառութենէն»:
Ռիչըրտ Հոկլընտի դեսպան նշանակման հետեւած Ծերակոյտի ունկնդրութիւններուն, Յանձնախումբը երեք հիմնական մտահոգութիւններ արծարծած էր եւ, առ այդ, Ծերակոյտէն խնդրած էր չվաւերացնել նշանակումը: Այդ մտահոգութիւններն էին՝
Առաջին, Հոկլընտ պէտք է տրամաբանական եւ շատ յստակ յայտարարութիւն մը կատարէ ըսելով, որ ինք խնդրոյ առարկայ չի դարձնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ցեղասպանութեան փաստը:
Երկրորդ, Պետական բաժանմունքը հրապարակաւ եւ շատ յստակ բացատրութիւն մը տայ դեսպան Ճան Էւընզը պաշտօնազրկելու իր որոշումին կապակցութեամբ:
Երրորդ, վարչակազմը պէտք է բացատրութիւն տայ Էւընզի հարցով իր եւ թրքական կառավարութեան խօսակցութիւններուն մասին: