ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայ դպրոց» բարեգործական հիմնադրամը կը նախատեսէ յառաջիկային եւս դպրոցական գոյք՝ նստարաններ, գրատախտակներ եւ այլ անհրաժեշտ իրեր նուիրել Հայաստանի եւ Արցախի 333 դպրոցներուն: Այս մասին Նոյեմբեր 10ի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Ահարոնեան եւ նշեց, որ հիմնադրամը վերջերս նիւթական ծանր վիճակի մէջ գտնուող դպրոցներուն 9400 աշակերտի համար նախատեսուած դպրոցական նստարաններ յատկացուցած է:
Ըստ Լ. Ահարոնեանի, 2003էն գործող հիմնադրամի առաջնահերթ նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ եւ փոքր դպրոցներուն՝ աշակերտական եւ ուսուցչական կարասիներով:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, գնահատելով կատարուած աշխատանքները եւ նուիրատուութիւնները, ափսոսանք յայտնեց, որ հիմնադրամի կազմին մէջ ընդգրկուած են միայն սփիւռքահայ բարերարներ, մինչդեռ Հայաստանի մէջ եւս կան անձեր, որոնք «ցանկութեան դէպքում կարող են իրենց գումարներից բաժին հանել հայրենական դպրոցաշինութեանը»: