Հանգիստը կարելի չէ՛ համեմատել որեւիցէ հաճոյքի հետ: Միայն ծոյլ մարդիկ այնպէս կը խորհին, որ հանգիստը հաճոյանալու համար է: Այսինքն՝ հանգստանալու համար պէտք է ծուլանալ, անգործութեան դատապարտուիլ, որեւէ բանի չխառնուիլ, անտարբեր դառնալ, պատասխանատուութիւններէ խուսափիլ, յուզիչ դէպքերէ փախուստ տալ, ուրիշներու բեռները չկրել, կեանքէն ու անոր պարզած երեւոյթներէն վախնալ եւ մարդկութենէ հեռու պահել անձը: Ահաւասիկ մտածումներու շարան մը, որ սկիզբէն իսկ սխալ է եւ շփոթի կրնայ մատնել ֆիզիքական իր արժանի հանգիստին ժամանակ տրամադրելու պատրաստ մարդը:
Քրիստոնէական սկզբնական դարերուն, յատկապէս վանականութեան ծաղկումին հետ, եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ ծնունդ առաւ նաեւ հանգիստի ժամերը սահմանափակելով, աղօթքի ժամերը բազմացնելու բարեպաշտական մտածումը:
Աշխատանք, կամ՝ աղօթք: Իսկ յիշեալ այդ աշխատանքը՝ անպայման պէտք է համեմատելի ըլլար աղօթքին հետ, այսինքն՝ բարենպատակ գործ մը ըլլար ինքնին, բարի աշխատանք մը, Աստուծոյ եւ նմանին հանդէպ սիրով ու ծառայութեամբ իմաստաւորուած: Ահաւասիկ հիմնական նշանաբանը մտածողութեան մը, որ երկար դարեր եղաւ առաջնորդող գաղափարը, յատկապէս հաւաքական կեանքով ապրող մարդոց՝ գլխաւորաբար վանականներուն: Մեր ձեռագիր մատեանները լեցուն են հանգիստի սահմանափակ ժամերն իսկ աւելորդ համարող՝ «այսքան բա՛ւ է կրօնաւորաց» հաստատումներով, որոնք մագաղաթեայ մեր ձեռագիրներու յիշատակարաններու յուզիչ տողերուն մաս կը կազմեն:
Բուսականութեամբ միայն սնանող ու խստամբեր պահեցողութեամբ կրօնաւորած վանականները իրենց մահկանացուն կը կնքէին յաճախ կաշի-ոսկոր դարձած, քունի ժամերը կրճատած ըլլալուն եւ իրենք զիրենք ծանր աշխատանքներով ծանրաբեռնած ըլլալուն հետեւանքով: Գիշերային հանդարտութեան մէջ, քունի ամէնէն հաճելի եւ առողջընկալ ժամերը Աստուծոյ նուիրած են մեր հայրերը: Անոնք Աստուծոյ հետ սրտբաց զրուցելու նպատակով, գիշերներ լուսցուցած են իրենց արցունքով ու աղօթքով, մեր հաւատքի կանթեղին մէջ աստուածապաշտութեան իւղ լեցնելով անընդհատ: Այդ կանթեղին անսպառ լոյսն է, որ ցարդ կանգուն պահած է մեր եկեղեցին, իր Քրիստոսահիմն եւ առաքելահաստատ պատուանդանին վրայ:
Նախնական այդ դարաշրջաններու կենցաղակերպերն ու անոնց կապուած հաւատալիք-համոզումները յարգելով հանդերձ, պէտք է այսօրուան կեանքին համապատասխան ձեւով հաստատել մարդ էակին հանգիստի տեսակն ու ժամերը: Այս գծով կենդանիները բնազդային կազմաւորում ունենալով, ժամանակէն վեր կը մնան: Անոնք բնազդօրէն կը մղուին հանգիստի կամ շարժումի: Շուները, որոնց հաւատարմութիւնը եւ սահմաններու նկատմամբ պահպանողական բնազդը նկատի ունենալով կ’ըսուի, թէ՝ «գիշեր ցերեկ քուն դադար չունին», դարձեալ կը տեսնենք, որ երբեմն ցերեկ ատեն դիակի պէս փռուած կը քնանան, ականջի շարժումներով միայն հետեւելով անցուդարձերուն:
Իսկ մա՞րդը…
Մարդը բնաւ չի՛ դիմանար կրկնուող անքուն գիշերներու: Մէկ անքուն գիշերն իսկ բաւական է, որ ան տկարանայ ֆիզիքապէս, անտրամադիր դառնայ, փնտռէ խաղաղ անկիւն մը, ուր գլուխը հանգչեցնէ գէթ, նոյնիսկ ցուրտ քարի մը վրայ, առանց անկողնի ու ծածկոյթի:
Ովկիանոս կտրող օդային ճամբորդութիւնները դոյզն օրինակ կրնան ծառայել, գաղափար տալով անգործ յոգնութեան մասին: Օդանաւին մէջ եղող մարդը քարակոփի ծանր աշխատանք չէ, որ կը կատարէ, ո՛չ ալ բեռնակիրի մը չուանը մէջքին կապած ծանր բեռներ կը տեղափոխէ շալակով: Ընդհակառակը, «հանգիստի մէջ է» ձեւով մը՝ գրեթէ միշտ նստած բազկաթոռի մը մէջ: Հիւրասիրութիւն կ’ընդունի ան, վերջին նորութիւնները եղող ժապաւէնները կը դիտէ, թերեւս քիչ մը կը կարդայ ու կը գրէ, աչքերը կը փակէ քնանալ կարենալու համար: Բայց ինչո՞ւ կը յոգնի եւ օդանաւէն դուրս գալէն ետք հանգիստ անկողին մը կը փնտռէ շուտով: Բնականաբար՝ հանգիստ քունի պակասին հետեւանքով: Մէկ գիշերուան քունի պակասը կը պարտադրէ մարմնին՝ հանգչիլ, եւ կը քնանայ, մինչեւ որ մարմինը ինք գոհանայ ու բաւարար նկատէ իրեն ընծայուած այդ անհրաժեշտ հանգիստը:
Այսօրուան կեանքը կարելի չէ՛ համեմատել անցեալի կեանքին: Անհամեմատելի եզրեր կան, որոնք կը պարտադրեն մարդուն անպայմա՛ն ստեղծել հանգիստի պահեր, կազդուրելու համար ո՛չ միայն մարմինը, այլեւ միտքն ու հոգին: Բաղդատելու համար անցնող դարասկիզբի պատմութիւնը այսօրուան հետ, յստակօրէն կը տեսնենք, որ մարդիկ շատ աւելի քիչ կը տեղափոխուէին, կը ճամբորդէին: Իսկ այսօր այդ ճամբորդութիւնները տասը հազար անգամ աւելցած են: Իսկ եթէ պահ մը ուսումնասիրենք, թէ՝ լրատուութիւնը կամ լուրերու տեղափոխութիւնը աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը ինչքա՞ն տոկոսով աւելցած է, կը տեսնենք, որ միլիոն անգամ աւելի բազմացած է ու արագացած: Իսկ մարդկային ուղեղը, որուն ընկալելու եւ ըմբռնելու կարողականութիւնը որոշ սահմանագծումներ ունի, ինչպէ՞ս պիտի հետեւի այդ արագութեան: Ո՞ր մէկ տեղեկութիւնը առաջնահերթ նկատէ եւ ե՞րբ գտնէ ժամանակ՝ իր լսածներուն նուիրապետութիւնը կարգաւորելու համար…:
Եւ ահա կը յոգնի ուղեղը, կը յոգնի, մարմինը, կը յոգնի մարդը, եւ տագնապի կը մատնուի անոր հոգին: Դարձեալ բաց աչքերով գիշերներ կը սկսին լուսցնել մարդիկ, սակայն ո՛չ թէ մեր հայրերուն նման աղօթքով ու արցունքով, այլ մտահոգութիւններով ու տագնապներով, յաջորդ օր ընելիքներու ցուցակագրման մտային սեւագրութիւններ մրոտելով անընդհատ: Ոմանք նոյնիսկ տխուր վախճանի հասած են՝ խելագարութեան իրենց կնիքը դնելով այդ ցուցակի էջատակին…:
Հանգիստի պէտք ունի մարդը: Իսկ հանգիստ ընելը բնաւ չեն սորվեցներ մեզի: Մէկը ըսա՞ծ է քեզի մանկութեանդ, թէ ի՞նչ բարձի վրայ պէտք է քնանաս՝ իսկապէս հանգիստ ընելու համար: Սա տարրական է, սակայն անոր մասին ծանօթութիւն կ’ունենանք միայն այն ատեն, երբ արդէն ֆիզիքապէս տկարութիւն մը ունեցեր ենք, մէջքի կամ կռնակի ցաւեր սկսեր են յայտնուիլ, անքուն կը մնանք եւ առաւօտները անտրամադիր վիճակի կը մատնուինք մեր գործին ընթացքին:
Մտքի հանգիստը դարձեալ էական է: Անկարեւոր մարդոցմէ ու գործերէ հեռու պէտք է մնանք, ու մեր առօրեայ ծրագիրը դատարկենք անոնցմով զբաղելու անպէտք աշխատանքէն: Գործերու նուիրապետութիւն հաստատել՝ կը նշանակէ առաջնահերթութիւն դնել մեր կարիքներուն եւ ըստ այնմ տնօրինել մեր կեանքը:
Եւ վերջապէս, հոգիի հանգստութեան կարիք ունի ամէն մարդ: Սա պայմանաւորուած է խղճի հանգստութեամբ: Եթէ հանգիստ է խիղճդ եւ Աստուծոյ ու մարդոց դիմաց բաց է ճակատդ, կը նշանակէ, թէ հանգիստ է հոգիդ ու մաքուր է երեւակայութիւնդ:
Մարմնի, մտքի եւ հոգիի այս երրեակ հանգստութեան արժանացողը աւելի երկար կը տոկայ կեանքին: Ականջի ետեւ մի՛ ձգեր ու բարձիթողի մի՛ ըներ հանգստանալու մարդկային բնական պահանջդ: Ծանր թէ թեթեւ անցնող իւրաքանչիւր օրուան աւարտին, միշտ յիշէ՛, որ հանգիստի պէտք ունիս եւ անպայմա՛ն պէտք ունիս: