ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2006ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. զոյգ հանդիպումներ ունեցաւ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ։ Վեհափառին կ’ընկերանային Նորայր Ծ. վրդ. Աշըգեան, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան եւ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Ցոլակ Թիւթէլեան։ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Ներսէս Պետրոս 19րդ Թարմունի պատրիարքին հետ։ Ներկայ էին նաեւ այլ հոգեւորականներ։ Ապա վեհափառը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ։ Սոյն հանդիպման եւս ներկայ գտնուեցան Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներ, «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ վեր. Փօլ Հայտոսթեան եւ համայնքի պատասխանատուներ։
Այս երկու հանդիպումներուն ընթացքին խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց վրայ, յատկապէս Հայաստան-Սփիւռք Գ. խորհրդաժողովի լոյսին տակ։ Խօսուեցաւ նաեւ Սփիւռքի հայութեան հզօրացման, անոր առընթեր՝ Հայ դպրոցի վերաշխուժացման, Լիբանանի հայութեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան մասին։ Այս առնչութեամբ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը եւ հասարակաց հարցերու եւ ազգային մտահոգութիւններու գծով միասնական կեցուածք ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը։
Սոյն երկու հանդիպումներէն ետք, վեհափառը յայտարարեց. «Մեր հանդիպումներուն հիմնական նպատակը մեր ազգային ներքին միասնականութեան ամրապնդումն էր։ Կրնայ ըլլալ, որ մեր ազգը բաղկացնող համայնքներու, կուսակցութիւններու, գաղութներու միջեւ եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրէն ներս մօտեցումներու ու արժեւորումներու տարբերութիւններ ըլլան, եւ սա, ազգի մը կեանքէն ներս կը նկատենք բնական։ Սակայն անհրաժեշտ է, որ մեր գաղութները, մեր ազգը ու մեր հայրենիքը, ու գաղութի մը ներքին կեանքը յուզող հիմնական հարցերու շուրջ, դառնան միակամ։ Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, համազգային ծրագիրներու, աշխատանքներու եւ տեսիլքի շուրջ մեր ժողովուրդի զաւակներու համախմբումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է»:
Ապա, վեհափառը անդրադառնալով Լիբանանի հայութեան, ըսաւ, թէ ան գործնապէս պէտք է վկայէ, թէ ինք առանցքային տեղ ու դեր ունի ընդհանրապէս մեր ազգի ու յատկապէս Սփիւռքի կեանքէն ներս։ Հետեւաբար, մեր կեանքէն ներս գործող կառոյցներու աշխուժացումը եւ այս ծիրէն ներս Լիբանանի հայութեան ողնասիւնը նկատուող հայ դպրոցին առաւել կենսունականացումը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ մեր բոլորին համար։ Որքան հզօր դառնայ հայ դպրոցը, այնքան աւելի հզօր կը դառնայ գաղութ մը։ Վեհափառը շարունակեց ըսելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ ինք անձնապէս այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանքի լծուած են եւ «Կիւլպէնկեան», «Լինսի» եւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնարկութիւններու եւ այլ բարերարութիւններու ճամբով, կը փորձեն Լիբանանի մէջ հայ դպրոցը պահել կանգուն։ Սակայն տնտեսական օժանդակութիւնը առանձինն բաւարար չէ։
Վեհափառը ըսաւ նաեւ, թէ «Հայ դպրոցը Հայ դպրոց կը դառնայ, երբ հայ աշակերտներով լեցուի, երբ հայ լեզուն, հայ կրօնը եւ հայոց պատմութիւնը փոխանցէ որպէս ոգի, հաւատք ու յանձնառութիւն հայ աշակերտին՝ զանոնք դարձնելով հայակերտումի առանցքը։ Սփիւռքի մէջ Հայ դպրոցի հզօրացումը, այլ խօսքով քրիստոնէական դաստիարակութեան առընթեր հայեցի դաստիարակութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար կը մնայ հիմնական առաջնահերթութիւն»։