ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Յունուար 13-14ին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի «Հայ-թրքական սահմանի բացման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները» խորագիրով միջազգային գիտաժողով՝ Հայկական միջազգային տնտեսական հետազօտութիւններու խումբ հասարակական կազմակերպութեան (AIPRG) նախաձեռնութեամբ:
Գիտաժողովի նպատակն է՝ քաղաքականութիւն մշակողներուն եւ հանրութեան ներկայացնել սահմանի բացման հնարաւոր օգուտները եւ կորուստները լուսաբանող մանրամասն վերլուծումներու շարք:
Ան պիտի չանդրադառնայ հայ-թրքական սահմանի հնարաւոր բացման լայն աշխարհաքաղաքական կամ նեղ քաղաքական պարունակներուն: Քննարկման առարկայ պիտի ըլլան միայն տնտեսական եւ ընկերային առանձնայատկութիւնները:
Գիտաժողովի հովանաւորներն են ԱՄՆի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, «Եւրասիա» հիմնադրամը եւ Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունը: