Ծնողք-զաւակ առողջ յարաբերութիւնը նախապայման է ընտանեկան մեր սրբութիւններու պահպանման, որուն համար Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) իր մարդասիրական ծառայութեան առընթեր իր առաջնահերթութիւնը տուած է հայ մշակոյթը պահպանելու, մանաւանդ հայ ուսանողին օգտակար հանդիսանալու անհրաժեշտութեանը:
Շատ մը հայ ընտանիքներ փոխադրուած են ծովածաւալ այս երկիրը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ ծանօթ չեն անոր միջավայրին եւ մշակոյթին, բնական է, որ դժուարութիւններ կ’ունենան ընտելանալու իրենց նոր շրջապատին հետ:
Այս կարեւոր իրողութեան առաջքը առնելու եւ մեր հայ ծնողներուն օգտակար հանդիսանալու հեռանկարով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, գործակցութեամբ «Փըսիֆիք քլինիքս»ին, կազմակերպած է ՀԱՅ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐու շարք մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6-7:30, Նորթ Հոլիվուտի Հայ կեդրոնը (11719 Moorpark St., Studio City, CA 91604), հետեւեալ յաջորդականութեամբ.-
Ա. Նիւթ՝ Ծնողք ըլլալու մարտահրաւէրները եւ ձեւերը
Challenges on Parenting and Parenting Styles
Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2006, երեկոյեան ժամը 6-7:30
Բ. Նիւթ՝ Ինչո՞ւ երեխաները սխալ ընթացք կ’ունենան
Why do Children Misbehave?
Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2006, երեկոյեան ժամը 6-7:30
Գ. Նիւթ՝ Օգնել երեխաներուն համագործակցելու
Helping Children Cooperate
Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2006, երեկոյեան ժամը 6-7:30
Դ. Նիւթ՝ Կարգապահութիւնը եւ պատիժը նո՞յնն են
Are Discipline and Punishment the Same?
Հինգշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2006, երեկոյեան ժամը 6-7:30
Դասախօսութիւնները հայերէնով պիտի ներկայացնէ եւ իր օգտակար բացատրութիւնները եւ ուղղութիւնները պիտի փոխանցէ երկար տարիներու փորձառու բժիշկ Էմմա Օշական:
Խիստ կարեւոր է հայ ծնողներու ներկայութիւնը դաստիարակչական այս նախաձեռնութեանց, որոնց ընթացքին օգտակար ծանօթութիւններ եւ գիտելիքներ պիտի փոխանցէ տոքթ. Օշականը՝ Ամերիկեան միջավայրին եւ մշակոյթին մասին, երեխայի զարգացման նպաստող մատչելի ուսումնական եւ ժամանցի աղբիւրներու մասին, ամրապնդելու երեխայի կապը ծնողքին, ընտանիքին, դպրոցին եւ համայնքին հետ, երեխային համար մշակելու եւ զարգացնելու ազդեցիկ եւ իմաստալից հաղորդակցման միջոցներ, օգտակար ըլլալու երեխային, յաղթահարելու համար վարքի եւ հասարակութեան հետ կապուած հարցեր:
Մեր սերունդներու դաստիարակութեան համար անհրաժեշտ նկատուող այս դասընթացքներուն հրաւիրուած են մեր բոլոր ծնողները, առանց խտրութեան: Մուտքը ազատ է:
Չորս դասընթացքներուն մասնակցողները պիտի ստանան համապատասխան վկայագիր:
Դասընթացքներուն մասնակցելու եւ այլ մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք հեռաձայնել ՀՕՄի գրասենեակը՝ Երկուշաբթիէն-Ուրբաթ, ժամը 9-5, 818-500-1343 թիւին:
Կոչ կ’ընենք բոլորին, անպայման մասնակցելու այս դասընթացքներուն, որպէսզի օգտակար հանդիսանաք յատկապէս ձեր զաւակներուն՝ ընտելանալու համար իրենց նոր միջավայրին, յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները:
ՀՕՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
ՇՐՉԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ