ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Մշակոյթի նախարարութեան հրատարակչական գործի գործակալութեան եւ Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ հայաստանեան շարք մը հրատարակչութիւններ պիտի մասնակցին Հոկտեմբեր 10-14ին Ֆրանքֆուրթի մէջ տեղի ունեցող գիրքի 59րդ միջազգային տօնավաճառ-ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսին առանձին տաղաւարով «Անտարես», «Զանգակ», «Քոլաժ», «Նահապետ» եւ այլ հրատարակչութիւններ պիտի ներկայացնեն գրական-գեղարուեստական, գիտահանրամատչելի, մանկապատանեկան եւ ուսումնական մօտ 200 անուն գիրքեր: Անոնց մէկ մասը կը կազմեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած աշխատութիւնները:
Կը նախատեսուի, որ ցուցահանդէսի ընթացքին հայ հրատարակիչները պայմանագիրներ կնքեն տարբեր երկիրներու հրատարակիչներու, գրավաճառ ընկերութիւններու եւ տպագրատուներու հետ:
Հայ հրատարակիչները պիտի մասնակցին նաեւ Հոկտեմբեր 27էն Նոյեմբեր 10ը Պոլսոյ գիրքի ցուցահանդէսին: