Լոսանճելըսահայ վարսայարդար Վլատիմիր Մկրտչեան 2006 թուականի Յունիսին Մոսկուայի մէջ կայացած վարսայարդարներու համաշխարհային մրցոյթին գրաւեց երկրորդ տեղը: Վարսայարդար Վլատիմիր Մկրտչեան, որ ճանչցուած վարպետի անուն ունէր նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, տարիներէ ի վեր կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Լոս Անճելըսի մէջ: Ժամանակի հետ միշտ քայլ պահող եւ գեղեցիկի բացառիկ ընկալում ունեցող վարպետը երբեք չդադրեցաւ ստեղծագործելէ եւ միշտ անվարան մասնակցեցաւ վարսայարդարութեան համաշխարհային մրցոյթներուն: Այսպէս, 1999 թուականին Մոսկուայի մէջ կայացած Եւրոպայի պաշտօնական մրցոյթին շահեցաւ առաջին պատուաւոր տեղը, 2002ին Փարիզի եւ 2003ին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած մրցոյթներէն վերադարձաւ երկրորդ մրցանակով: Իսկ այս տարի Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Երեւակայութիւն եւ երաժշտութիւն» բնաբանը ունեցող վարսայարդարներու համաշխարհային մրցոյթը նորէն հարստացուց վարպետ Վլատիմիր Մկրտչեանի ստեղծագործական կենսագրութիւնը. ան տուն վերադարձաւ երկրորդ պատուաւոր մրցանակով: Նկարին մէջ երկրորդ մրցանակ շահած վարսայարդարումը, որ կը կոչուի «Ազատ երեւակայութիւն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.